Հայաստան Չինաստանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններէն է. Չինաստանի ԱԳՆ Ներկայացուցիչ

By Asbarez | Tuesday, 17 October 2017

1017china

ԱՐԱՔՍ ԿԱՍԵԱՆ

Հայաստան Չինաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն է, այդ իսկ պատճառով չինական կողմը Հայաստանի հետ կը պահպանէ աշխոյժ արտաքին քաղաքական եւ տնտեսական կապեր: Այս մասին Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յարկին տակ կազմակերպուած ասուլիսի մը ընթացքին, <<Արմէնփրէս>>ի թղթակիցի հարցումին պատասխանելով ըսաւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու բաժանմունքի ղեկավարի տեղակալ Լիու Պին:

<<Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման յաջորդած 25 տարիներուն ընթացքին, մեր յարաբերութիւնները արդէն հասած են շատ բարձր մակարդակի: Յառաջիկային ալ չինական կողմը պատրաստ է տարբեր մակարդակներու վրայ պահպանելու սերտ կապերը հայկական կողմին հետ: Մասնաւորապէս՝ զօրացնել հայկական կողմին հետ փոխգործակցութիւնը քաղաքական ասպարէզին մէջ, միջազգային հարթակներու վրայ, ինչպէս նաեւ տնտեսական ոլորտին մէջ>>, ըսաւ Լիու Պին: Ան յատուկ ուշադրութիւն հրաւիրած է երկիրներուն միջեւ առեւտուրի ծաւալին եւ մակարդակին աւելնալուն:

<<Դժբախտաբար, ես չեմ եղած Հայաստան, սակայն, ընկերներէս մէկը, որ այցելած էր Հայաստան, այնտեղէն քոնեաք բերած էր: Փորձեցի եւ շատ հաւնեցայ: Հայաստանը, անշուշտ, ունի սեփական արտադրած մթերքները, որոնք կրնան արտածուիլ: Հետեւաբար, կը կարծեմ, որ անհրաժեշտ է զօրացնել երկկողմ փոխըմբռնումը եւ իրականացնել աւելի մեծ համագործակցութիւն>>, ընդգծեց Լիու Պին:

 



comments

Advertisement