ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղարը կոչ ըրած է Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին

By Asbarez | Tuesday, 17 October 2017

1018UNsecretary

ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ ողջունած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն հանդիպումը եւ կոչ ըրած է հասնելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման, կը հաղորդէ <<Արցախփրէս>>ը՝ վկայակոչելով <<Ռիա Նովոսթի>>ն:

ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնական ներկայացուցիչ Սթեֆան Տիւժարիքի յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. <<Համաշխարհային կազմակերպութեան ղեկավարը կ՛ողջունէ Ժընեւի մէջ բարձր մակարդակով հանդիպումը: Ան ոգեւորուած է, որ նախագահները համաձայնած են միջոցներու ձեռնարկելու բանակցային գործընթացի աշխուժացման նպատակով եւ լրացուցիչ քայլեր կատարելու շփման գիծին վրայ լարուածութիւնը թուլացնելու համար>>։

Կութերեշ շեշտած է, որ ՄԱԿը կ՛աջակցի ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու միջնորդական ջանքերուն եւ կոչ ըրած <<կողմերուն, հիմնուելով գագաթնաժողովի խթանին վրայ, բանակցութիւններու ընթացքին հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման>>:

 

comments

Advertisement