Թուրքիոյ սպայակոյտի պետը կը խորհրդակցի Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարին հետ

By Asbarez | Wednesday, 18 October 2017

 

1018trk azr

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Պաշտօնական այցով Վրաստան գտնուող Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Հուլուսի Աքար Հոկտեմբեր 17ին հանդիպում մը ունեցաւ Թիֆլիս գտնուող Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ:

Ըստ թրքական <<Անատոլու>> լրատու գործակալութեան՝ Աքար Թիֆլիս այցելած է, մասնակցելու համար Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի սպայակոյտի պետերուն միջեւ ժողովին:

Թէեւ ատրպէյճանական աղբիւրները կը պնդեն, որ Աքար-Հասանով հանդիպման ընթացքին խօսուած է նաեւ Արցախի հակամարտութեան մասին, այնուամենայնիւ, թրքական աղբիւրները որեւէ տեղեկութիւն չեն յայտնած այդ մասին:

 



comments

Advertisement