Երկու Թուրք զինուորներ կը սպաննուին Հաքքարիի մէջ

By Asbarez | Wednesday, 18 October 2017

Ankara'da helikopter kazası sonucu şehit olan Erhan Gül'ün cenazesi Kocatepe Camii'nden kaldırıldı. Şehidin annesi konvoyun önünü keserek tabutu öptü. 11 Ocak 2011 (Cihan / Tahsin Özek)

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան Հաքքարի նահանգին մէջ, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներուն կողմէ տեղադրուած ականի մը պայթումին իբրեւ հետեւանք, Հոկտեմբեր 17ին սպաննուած են առնուազն երկու թուրք զինուորներ:

Թրքական <<Հապերլեր>> լրատուամիջոցին համաձայն՝ պայթումը տեղի ունեցած է այն պահուն, երբ Թուրքիոյ բանակին պատկանող զինուորական փոխադրակառք մը կ՛անցնէր այդ վայրէն:

Պայթումէն ետք, քիւրտ զինեալները յայտնաբերելու նպատակով, լայնածաւալ գործողութիւն մը սկսած է:

 

comments

Advertisement