Քիւրտերուն ղեկավարած ուժերը կ՛ազատագրեն Ռաքքա քաղաքը

By Asbarez | Wednesday, 18 October 2017

1018Raqqa

ՌԱՔՔԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Երկար ամիսներու զինուորական բարդ գործողութենէ մը ետք, քիւրտերու ղեկավարած՝ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը, Հոկտեմբեր 17ին կրցան հիւսիսային Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքէն հեռացնել <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութեան ուժերը, որոնք այդ քաղաքը հռչակած էին իրենց <<խալիֆայութեան>> մայրաքաղաքը։

Այս գործողութեան մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերած էին նաեւ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած դաշնակցային ուժերը։

 


comments

Advertisement