Մալթայի մէջ սպաննուած է Ալիեւներու զեղծարարութիւնը բացայայտած լրագրողը

By Asbarez | Wednesday, 18 October 2017

  /  / Malta OUT

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Ատրպէյճանի եւ Մալթայի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու միջեւ ապօրինի գործարքները բացայայտած լրագրող Տաֆնէ Քարուանա Կալիցիան Հոկտեմբեր 16ին զոհ գացած է ահաբեկչական արարքի մը։

Անոր ինքնաշարժին մէջ զետեղուած ականի մը պայթումով սպաննուած լրագրողին դէմ այս ոճիրը հետաքննելու համար, Մալթայի իշխանութիւնները խնդրած են Միացեալ Նահանգներու Հետաքննութեանց դաշնակցային գրասենեակի մասնագէտներու օժանդակութիւնը։

Նշենք, որ այս տարուան գարնան, զոհ լրագրողը բացայայտած էր շարք մը փաստաթուղթեր, որոնցմէ յստակ դարձաւ, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի դստեր՝ Լէյլային պատկանող եւ Տուպայի մէջ արձանագրուած ընկերութիւններէն մէկը 1 միլիոն տոլարի փոխանցում մը կատարած էր Մալթայի վարչապետին կնոջ պատկանող ու Փանամայի մէջ արձանագրուած հաստատութեան։ Նաեւ, լրագրողը բացայայտած էր, որ Լէյլա Ալիեւան, 2016ի Յունուարէն մինչեւ Մարտ, շաբաթական երկու անգամ 100 հազարական տոլար փոխանցած է Մալթայի վարչապետին կնոջ, Մալթայի մէջ գործող <<Փիլաթուս>> դրամատան միջոցով, որուն ամենահարուստ յաճախորդներէն են Ատրպէյճանի արտակարգ իրավիճակներու նախարար Քեմալետտին Հէյտարովն ու Իլհամ Ալիեւի երկու զաւակները՝ Լէյլան եւ Հայտարը:

Այս գումարները վարձատրութիւններ կը նկատուին յառաջիկայ 18 տարիներուն միա՛յն Ատրպէյճանէն բնական գազ գնելու Մալթայի վարչապետին կնքած համաձայնագիրին դիմաց։

 



comments

Advertisement