Ատրպէյճանի ռազմական պիւտճէն պիտի աճի 5.2 տոկոսով

By Asbarez | Saturday, 21 October 2017

 

1021azr

ՊԱՔՈՒ, <<Էյ.Փի.Էյ.>> - Ատրպէյճանի խորհրդարանի մամլոյ ծառայութիւնը Հոկտեմբեր 20ին հաղորդեց, թէ յառաջիկայ տարեշրջանի պետական ամավարկին մէջ յաւելեալ գումարներ պիտի տրամադրուին <<պաշտպանութեան>> ու ազգային ապահովութեան ուժերուն, ինչպէս նաեւ դատախազութեան եւ իրաւապահ ու դատական մարմիններուն:

Արդարեւ, 2018ի ամավարկին մէջ ռազմական ու ազգային ապահովութեան մարզերուն համար նախատեսուած է 4.07 միլիառ մանաթ (մօտաւորապէս 2.4 միլիառ տոլար) գումար մը, ինչ որ 5.2 տոկոսով աւելի է 2017ի համապատասխան ցուցանիշէն:

Այս գումարին 2.74 միլիառ մանաթը (մօտաւորապէս 1.61 միլիառ տոլար) յատկացուած է պաշտպանութեան ու ազգային ապահովութեան ուժերուն, իսկ 1.33 միլիառ մանաթը (մօտաւորապէս 783 միլիոն տոլար)՝ դատախազութեան, իրաւապահ ու դատական մարմիններու համար:

 



comments

Advertisement