Կարուշ Ղուկասեան՝ Եւրոպայի Ախոյեան

By Asbarez | Saturday, 21 October 2017

 

1021garoush

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Ալպանիոյ մէջ ընթացող ծանրամարտի Եւրոպայի մինչեւ 23 տարեկաններու ախոյեանութեան վերջին օրը Հայաստան նուաճեց երկրորդ ոսկէ մետալը:

94 քիլոկրամ քաշայիններու պայքարին մէջ, Կարուշ Ղուկասեան գերազանցեց բոլոր մրցակիցները՝ երկամարտին մէջ տալով 359 քիլոկրամ (162+197) արդիւնք: Ան առաջնութիւն ապահովեց երկու վարժութիւններուն մէջ:


comments

Advertisement