Թշնամին զինադադարի դրութիւնը խախտած է հիմնականին մէջ հրաձգային զինատեսակներէ

By Aztag Daily | Monday, 23 October 2017



15-էն 21 հոկտեմբեր 2017-ի ժամանակաշրջանին մէջ արցախեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին մէջ թշնամին զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտած է հիմնականին մէջ հրաձգային զինատեսակներէ` հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 2300 կրակոց:

Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը կը տիրապետեն մարտավարական իրադրութեան եւ անհրաժեշտ քայլերու կը ձեռնարկեն մարտական դիրքերու պահպանութիւնը յուսալիօրէն կազմակերպելու համար:


comments

Advertisement