Քաթալոնիոյ մէջ կատարուողը ուղղակի յարձակում է ժողովրդավարութեան դէմ - կ՛ըսէ Փուչտեմոն

By Aztag Daily | Monday, 23 October 2017

Քաթալոնիոյ կառավարութեան ղեկավար Քարլես Փուչտեմոն յայտարարած է, որ իր որոշումներով Մատրիտ յարձակում կը գործէ ժողովրդավարութեան դէմ, եւ Սպանիոյ իշխանութիւններուն քայլերը կրնան բացասական նախադէպ ստեղծել նաեւ այլ երկիրներու համար: Այս մասին կը հաղորդէ <<Փրաւտա>> կայքը:

<<Քաթալոնիոյ մէջ կատարուողը ուղղակի յարձակում է ժողովրդավարութեան դէմ: Սպանիոյ իշխանութիւնները չեն կրնար արհամարհել այն փաստը, որ Քաթալոնիոյ կառավարութիւնը կազմուած է շատ աւելի առաջ, քան ժամանակակից սպանական սահմանադրութիւնը>>, ըսած է Քաթալոնիոյ ղեկավարը:

Քաթալոնիոյ կառավարութիւնը կազմուած է 1932-ին, երբ Սպանիան Քաթալոնիան ճանչցաւ իբրեւ մարզային ինքնավարութիւն: Սպանիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմէն ետք քաթալան քաղաքական գործիչները ենթարկուած են աքսորի: Քաթալոնիոյ կառավարութիւնը վերականգնած է 1972-ին:

Փուչտեմոն նաեւ աւելցուցած է, որ քաթալան ժողովուրդի գլխուն մեծ վտանգ կախուած է, եւ իրենք պիտի փնտռեն հարցին խաղաղ լուծման ուղիները, որովհետեւ կը հաւատան ժողովրդավարական Եւրոպային, որ պէտք է պաշտպանէ իրենցմէ իւրաքանչիւրը:

Յիշեցնենք, որ Պարսելոնայի բնակիչները անպատրաստից <<կաթսաներով ցոյց>> կազմակերպած են Քաթալոնիոյ դէմ միջոցառումներու ձեռնարկման մասին Սպանիոյ վարչապետ Մարիանօ Ռախոյի յայտարարութենէն ետք:

Մէկ օր առաջ հաղորդուած էր, որ Մատրիտ կը կասեցնէ Քաթալոնիոյ ինքնավար կառավարութեան լիազօրութիւնները: Սպանիոյ կառավարութիւնը որոշած էր գործարկել երկրի սահմանադրութեան 155-րդ յօդուածը, որ կ՛արտօնէ սահմանափակել Քաթալոնիոյ ինքնակառավարումը:

Վարչապետ Ռախոյի համաձայն, ինքնավարութիւնը չի սահմանափակուիր, այլ ընդամէնը կը լուծարուի կառավարութիւնը, որ դուրս եկած է օրէնքի սահմաններէն: Ան աւելցուցած էր, որ Սպանիոյ կառավարութիւնը 155-րդ յօդուածը գործարկելու ցանկութիւն ու մտադրութիւն չէ ունեցած, սակայն ստիպուած եղած է այդ քայլին դիմելու:

Յիշեցնենք, որ Քաթալոնիոյ մէջ այժմ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ:

Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալֆոնսօ Տասթիս <<Պի. Պի. Սի.>>-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին հերքեց, թէ Սպանիոյ կառավարութեան Քաթալոնիոյ վրայ վերահսկողութիւն հաստատելու քայլը <<յեղաշրջում>> մըն է` աւելցնելով, որ Քաթալոնիոյ կառավարութիւնն է, որ յեղաշրջումի փորձ կատարած է:

Քաթալոնիոյ խորհրդարանի նախագահ Գարմէ – Ֆորսատել շաբաթ օր սպանական կառավարութեան քայլը <<իրողական պետական յեղաշրջում>> կոչած էր:

 

 



comments

Advertisement