Իրաք կը դատապարտէ Էրպիլի մէջ Իրանեան հիւպատոսարանին դէմ կատարուած յարձակումը

By Aztag Daily | Monday, 23 October 2017



Ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած տեսերիզ մը շաբաթ օր ցոյց տուաւ Մասուտ Պարզանիի ղեկավարած Քրտական ժողովրդավարական կուսակցութեան համակիր կարծուող շարք մը անձեր, որոնք իրանեան դրօշը վար կ՛առնեն Էրպիլի մէջ Իրանի հիւպատոսարանի շէնքէն:

Շէնքին մօտ հաւաքուածները ողջունած են այդ քայլը, սակայն շարք մը գործիչներ դատապարտած են արարքը եւ զայն կոչած <<բարբարոսական>>:

Իրանեան կայքեր նշեցին, որ Պարզանիի ղեկավարած Քրտական ժողովրդավարական կուսակցութեան համակիրներ Էրպիլի մէջ Իրանի հիւպատոսարանին դէմ յարձակում գործած են` իրանեան դրօշը վար առնելով հիւպատոսարանի շէնքին վրայէն:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի միջազգային հարցերու խորհրդական Ալի Աքպար Վիլայեթի երէկ յայտնեց, որ Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատիի, իրաքեան կառավարութեան ու խորհրդարանի իմաստութեամբ <<Քերքուքին առանց արիւնահեղութեան վերատիրանալու միջոցով վիժեցուեցաւ Իրաքը մասնատելու սիոնական դաւադրութիւնը>>:

Ըստ Վիլայեթիի, <<Իրաքի քիւրտերուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը միացեալ Իրաք մը կ՛ուզէ` ի տարբերութիւն Պարզանիի, որ դուրսէն իր ստացած ծրագիրը կը գործադրէ>>:

Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Էրպիլի մէջ իրանեան հիւպատոսարանին դէմ կատարուած յարձակումը` աւելցնելով, որ Պաղտատ կը դատապարտէ նաեւ Քրտական ինքնավար մարզին մէջ այլ հիւպատոսարաններու եւ միջազգային առաքելութեանց ուղղուած սպառնալիքները:

Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը քրտական մարզի ղեկավարութիւնը պատասխանատու նկատեց հիւպատոսական առաքելութեան աշխատակիցներու կեանքին եւ անվտանգութեան համար:

comments

Advertisement