Առաջին անգամ ըլլալով. Թիլըրսընի ներկայութեամբ կազմուեցաւ Իրաք-Սէուտական Արաբիա համակարգումի խորհուրդ մը

By Aztag Daily | Monday, 23 October 2017



Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը եւ Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի բացումը կատարեցին Իրաք-Սէուտական Արաբիա համակարգումի խորհուրդի առաջին ժողովին` ներկայութեամբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի:

Իրաքի վարչապետին Սէուտական Արաբիա այցելութիւնը կ՛իյնայ շրջանին մէջ շարք մը երկիրներ, որոնց շարքին Թուրքիա, Յորդանան եւ Եգիպտոս շրջապտոյտի մը ծիրին մէջ:

Նիստի սկիզբը Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը շնորհակալութիւն յայտնեց Թիլըրսընին` անոր ներկայութեան համար, եւ ատիկա նկատեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ ամերիկեան վարչակազմին Միացեալ Նահանգներու, Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրաքի հասարակաց շահերուն նկատմամբ ունեցած հետաքրքրութեան ցուցանիշը:

Ըստ սէուտական <<Ուաս>> լրատու գործակալութեան>>, Սալման թագաւորը նշած է, որ շրջանը կը դիմագրաւէ <<վտանգաւոր մարտահրաւէրներ>>, ինչպէս` ծայրայեղականութիւն, ահաբեկչութիւն, երկիրներու անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը քայքայելու փորձեր, ինչ որ այդ մարտահրաւէրներու դիմակայման համար կը պահանջէ <<ամբողջական համակարգում>>:

Ան ըսաւ, որ տրամադրութեան տակ գտնուող մեծ կարելիութիւնները զիրենք կը դնէ <<հասարակաց ձգտումներու իրականացման համար գործօն գործընկերութիւն հաստատելու պատմական առիթի մը>> դէմ յանդիման:

Իրաքի վարչապետը իր կարգին խօսք մը արտասանելով գոհունակութիւն յայտնեց երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման առնչութեամբ` աւելցնելով, որ Իրաք-Սէուտական Արաբիա համակարգումի առաջին խորհուրդը արդիւնք է հասարակաց ջանքերու եւ բարի կամեցողութեան:

Ըստ Ապատիի, խորհուրդին ստեղծումը պիտի ըլլայ <<կարեւոր շրջադարձ մը եւ սկիզբ մը երկու երկիրներուն միջեւ բոլոր մարզերուն մէջ գործակցութեան ու յարաբերութիւններու ամրապնդման>>:

Ան ըսաւ, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վրայ կեդրոնանալը Ռիատի եւ Իրաքի հասարակաց նպատակն է` նշելով, որ ահաբեկչութիւնը պարտութեան մատնելով քաղաքները ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելէ ետք <<այսօրուան Իրաքը անցեալինը չէ>>:

Ապատի յայտնեց, որ մեծ բան չէ մնացած Իրաք-Սուրիա սահմանին վրայ յաղթանակ արձանագրելու եւ անվտանգութիւն հաստատելու համար` աւելցնելով. <<Ճակատամարտը մօտ օրէն պիտի վճռենք>>:

Իրաքի վարչապետը շեշտեց, որ շրջանը յաւելեալ մասնատում ու տագնապներու շարունակում չի հանդուրժեր, եւ կոչ ուղղեց այլոց ներքին հարցերուն միջամտութիւնները դադրեցնելու:

Իրաքի վարչապետը ժողովէն ետք հանդիպում ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզի հետ, որ բացակայած էր շաբաթ օր Ապատիի դիմաւորման արարողութենէն եւ իրաքեան պատուիրակութեան ի պատիւ սարքուած ընթրիքէն:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած է երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդումը արագացնելու հարցը, վերահաստատուած է Իրաքի միութեան նկատմամբ սէուտական զօրակցութիւնը, ինչպէս նաեւ ողջունուած են Իրաքի արձանագրած յաղթանակները:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն երէկ գիշեր Ռիատէն մեկնեցաւ Տոհա:

 

comments

Advertisement