Արցախի հետ բարեկամութեան խումբերու ստեղծում` Պելճիքայի մէջ

By Aztag Daily | Monday, 23 October 2017



ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ ուրբաթ, 20 հոկտեմբեր 2017-ին Վալոնիոյ Պրիւքսելի խորհրդարանին մէջ Արցախի հետ 16 ֆրանսախօս քաղաքագէտներէ եւ քաղաքացիական անձնաւորութիւններէ կազմուած բարեկամութեան խումբ մը հիմնուեցաւ:

2 օր առաջ նոյնպէս գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, նոյնանման բարեկամութեան խումբ մը, բաղկացած 11 հոլանտախօս քաղաքագէտներէ եւ քաղաքացիական անձնաւորութիւններէ,  հիմնուած էր  ֆլամանտական խորհրդարանին մէջ:

Երկու արարողութիւններուն ներկայ էին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բ. Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի եւրոպական հարցերու պատասխանատու Հեղինէ Էվինեան եւ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան:

Կարապետեան անդրադառնալով այս մեծ յաջողութեան ըսաւ. «Շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել բոլոր ֆրանսախօս եւ հոլանտախօս պելճիքացի քաղաքական գործիչներուն, որոնք  Արցախի Հանրապետութեան հետ ստորագրեցին համագործակցութեան այս հռչակագիրները: Այս երկու բարեկամութեան խումբերու ստեղծումը կը վկայէ պելճիքական ամբողջ քաղաքական դասի ցանկութիւնը Արցախի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ մասնակից դառնալու Արցախի ժողովուրդին ազրպէյճանական մեկուսացումէն դուրս հանելու հոլովոյթին:

«Ֆրանսայէն ետք, ուր նոյնանման բարեկամութեան խումբ մը  գոյութիւն ունի 2013-էն սկսեալ, Արցախի ժողովուրդի ձայնը այլեւս աւելի բարձր լսելի պիտի դառնայ նաեւ Պելճիքայի մէջ: Կը շնորհաւորեմ նախագահ Սահակեանն ու Արցախի իշխանութիւնները եւ վստահ եմ, որ այս հռչակագիրը շուտով կը թարգմանուի գործնական եւ արդիւնաւէտ աշխատանքներու` զանազան բնագաւառներու մէջ: ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը պիտի աջակցի բարեկամութեան այս խումբերուն` անոնց աշխատանքները յաջողութեան հասցնելու համար»:

ՀՅԴ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
Պրիւքսել, 21 հոկտեմբեր 2017

comments

Advertisement