By Asbarez | Wednesday, 25 October 2017
ՊԱՔՈՒ - Ինչպէս կ՛ակնկալուէր, ատրպէյճանական <<Էյ.Փի.Էյ.>> լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երկրի տխրահռչակ <<սեւ ցանկ>>ին վրայ աւելցուցած է նաեւ անցեալ շաբաթ Արցախ այցելած <<Սի.Էն.Էն.>>ի ուտեստեղէնի եւ ճամբորդական յայտագիրներու մրցանակակիր հաղորդավար Էնթընի Պուրտենի անունը։
Ըստ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիքմեթ Հաճիեւի՝ այս որոշումը տրուած է, որովհետեւ Պուրտեն առանց Պաքուի իշխանութիւններէն արտօնութիւն ստանալու՝ <<գրաւեալ տարածքներ>> այցելած է։
Նշենք, որ Պուրտեն Հայաստան եւ Արցախ այցելած էր <<Անծանօթ Վայրեր>> յայտագիրին համար, եւ Շուշիի մօտակայ Ջդրդուզի ձորին մէջ վայելած էր արցախեան ճինկելով հացը, շիլան, մածունը եւ խորովածը, ինչպէս նաեւ թութի եւ հոնի օղիները։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ