Ատրպէյճան 170 միլիոն տոլարի զէնք կը գնէ Պելոռուսէն

By Asbarez | Wednesday, 25 October 2017

1025azr bel

ԵՐԵՒԱՆ, <<ՓանԱրմինիըն>> - Սթոքհոլմի Խաղաղութեան հետազօտման միջազգային հիմնարկին տուեալներով, Ատրպէյճան առնուազն 170 միլիոն տոլարի զէնք գնելու համաձայնութիւն մը կնքած է Պելոռուսի հետ:

Ըստ նոյն հիմնարկին՝ Ատրպէյճան այդ գումարով պիտի գնէ <<Փոլոնեզ>> համազարկային հրթիռային համակարգեր։ Այս տեղեկատուութիւնը հաստատուած է նաեւ Պելոռուսի մամուլին կողմէ։

Ըստ ատրպէյճանական <<Հաքքին>> լրատուամիջոցին՝ Պաքու արդէն իսկ կանխավճար կատարած է այս համակարգերու գնման համար: <<Պաքու այս համակարգերով կ՛ուզէ հակադարձել <<Իսքանտեր>> համակարգեր գնելու Հայաստանի որոշումին>>, կը գրէ <<Հաքքին>>։

<<Փոլոնեզ>>ը չինական-պելոռուսական միացեալ արտադրութիւն մըն է: Անիկա կրնայ յաջորդական կերպով 8 հրթիռներ արձակել:

 



comments