ԹՈՒՄՕն եւ CyArk-ը կը թուայնացնեն Արենիի քարանձաւն ու Նորավանքը

By Asbarez | Thursday, 26 October 2017

1026tumo

ԹՈՒՄՕի հաղորդակցութեան բաժինը տարածած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը.

<<Ուրախ ենք յայտնելու, որ ԹՈՒՄՕի մէջ մեկնարկած է թուային պահպանման եւս մէկ ծրագիր, որուն շնորհիւ պիտի իրականացուի UNESCO-ի համաշխարհային ժառանգութեան մէջ ընդգրկուած Նորավանքի եւ Արենիի քարանձաւի 3D պատճէնահանումը (scanning) եւ մշակումը: Աշխարհի նշանաւոր կէտերու եռաչափ պարճէնահանումով զբաղող CyArk միջազգային ընկերութեան մասնագէտները այժմ Հայաստան կը գտնուին, եւ ԹՈՒՄՕի ուսանողներուն ու ոլորտի այլ մասնագէտներու հետ սկսած են 3D նկարահանման գործընթացին:

<<Իմ Հայաստան>> ծրագրի ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան կողմէ ֆինանսաւորուող, Սմիթսոնիըն հիմնարկի եւ ԹՈՒՄՕի կողմէ իրականացուող ծրագիրը մեկնարկած է 23 Հոկտեմբերին: LiDAR method-ի հետ ծանօթանալէ ետք մասնակիցները կատարած են նկարելու առաջին փորձերը Թումանեանի այգիին մէջ: 25 Հոկտեմբերին խումբը պիտի ուղեւորուի Նորավանք եւ Արենիի քարանձաւ՝ իրականացնելու համար եռաչափ նկարահանումը, իսկ աւելի ուշ պիտի զբաղի հաւաքուած նիւթերու մշակումով:

Եռաչափ պարճէնահանումը վերջին տարիներուն աշխարհի մէջ մեծ տարածում ստացած արհեստագիտութիւն է, որուն շնորհիւ աշխարհի կարեւորագոյն պատմական եւ մշակութային կոթողները այժմ կարելի է ընդմիշտ պահպանել թուային դրութեան մէջ>>:

 



comments