Ստեղծուած է Սասունցի Դաւիթ դիւցազնավէպի նիւթով Հայկական առաջին ելեկտրոնային յաւելուածը

By Asbarez | Thursday, 26 October 2017

1026sassountsidavit

<<Սասնայ Ծռեր>> կամ <<Սասունցի Դաւիթ>> դիւցազնավէպի  պահպանման եւ հանրահռչակման նպատակով, դիւցազնավէպի նիւթով հայկական առաջին ելեկտրոնային յաւելուածը ստեղծուած է: Անիկա իրականացած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ <<<<Սասնայ Տուն>> հասարակութեան զարգացման աջակցման կենտրոն>> հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ՝ <<Սասնայ Ծռեր>> կամ <<Սասունցի Դաւիթ>> աւանդական հանրապետական փառատօնի ծրագիրի ծիրին մէջ:

Մշակոյթի նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը կը տեղեկացնէ, թէ յաւելուածը կարելի է ներբեռնել՝ օգտուելով Android բջիջային համակարգի Play market բաժինէն՝ գրելով <<Սասունցի Դաւի>>չ հայերէն կամ անգլերէն:

Յաւելուածի հիմնական բաժիններն են՝ ասմունք, զարգացման խաղեր (հարցումներ դիւցազնավէպին մասին եւ հարցումներ դիւցազնավէպէն), հանելուկ եւ <<Ուիքիփետիա>>ի <<Սասունցի Դաւիթ>>, <<Սասնայ Ծռեր>> շարժապատկերներու եւ Ժան Էլոյեանի ասմունքի յղումները: Դիւցազնավէպէն հարցումներուն ճիշդ պատասխանելու նպատակով, յաւելուածին մէջ գոյութիւն ունի նաեւ ելեկտրոնային գիրք, ուր կը ներկայացուին դիւցազնավէպի պատասխաններուն առնչուող հատուածները:

Իսկ iOS բջիջային համակարգին համար յաւելուածը հասանելի պիտի ըլլայ քանի մը ամիսէն:

Յաւելուածի ստեղծումը կարեւոր է, որպէսզի նոր սերունդը տեղեակ ըլլայ ազգային, աւանդական, հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներուն եւ հայրենասիրական ոգիով մեծնայ:

 




comments