Հայաստանի հետ Եւրոմիութեան համաձայնագիրը անպայման պիտի ստորագրուի Պրիւքսէլի գագաթնաժողովին

By Asbarez | Saturday, 28 October 2017

Johannes Hahn, Member of the EC in charge of European Neighbourhood Policy and Enlargement Negotiations

ՊՐԻՒՔՍԷԼ - Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններուն հարցերով Եւրոպական Միութեան յանձնակատար Եոհանս Հան, Հինգշաբթի, 26 Հոկտեմբերին, Թալինի մէջ յայտարարեց, որ Հայաստան-Եւրոմիութիւն նոր համաձայնագիրը անպայման պիտի ստորագրուի Նոյեմբերին, Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովի ընթացքին:

Պատասխանելով Էսդոնիայի մայրաքաղաքին մէջ ընթացող Արեւելեան գործընկերութեան քաղաքացիական հասարակութեան ֆորումին մասնակցող քաղաքագէտ Ստեփան Գրիգորեանի հարցումին, որ կ՛առնչուէր փաստաթուղթի ստորագրման հարցով Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող որոշ մտավախութիւններուն՝ Հան յայտարարեց <<Կ՛ուզեմ սկիզբէն յստակացնել, որ Հայաստանի հետ պայմանագիրը պիտի ստորագրուի, անոր մէջ կասկած չկայ, եւ գրեթէ հաստատ է, որ անիկա տեղի պիտի ունենայ գագաթնաժողովի ծիրին մէջ կամ գագաթնաժողովին ընթացքին: Այս մէկը յստակ է: Անոր շուրջ որեւէ քննարկում չկայ>>:

Յանձնակատարը ընդգծեց, որ առաջին անգամն ըլլալով է, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիր մը նման համաձայնագիր կը ստորագրէ Եւրոմիութեան հետ:

 



comments