By Asbarez | Wednesday, 11 November 2009
ՊԱՔՈՒ, <<Թուտէյ.ազ>>.- Ատրպէյճանի կառավարութեան սփիւռքի հարցերով զբաղող յատուկ յանձնախումբը Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Եւրոպայի մէջ գործող թուրք եւ ատրպեճանական սփիւռքի կազմակերպութիւնները դէմ են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ փակուած սահմանը բանալու գաղափարին եւ որոշած են այս առաջարկին դէմ իրենց քայլերը համակարգելու նպատակով հանդիպում մը ունենալ:
Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 21-22ին, Գերմանիոյ Ֆրանքֆուրթ քաղաքին մէջ:
Թրքական եւ ատրպեճանական սփիւռքի ներկայացուցիչները քանի մը առիթներով այս կապակցութեամբ իրենց մտահոգութիւնները յայտնած են Ատրպէյճանի կառավարութեան, աւելցնելով, թէ սահմանը փակ պէտք է մնայ մինչեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումը:
Հանդիպման ընթացքին պիտի քննուին նաեւ երկու սփիւռքներուն միջեւ գործակցութիւնը սերտացնելու կարելիութիւնները, եւ կ՛ակնկալուի որ Ատրպէյճանի կառավարութեան եւ խորհրդարանի ներկայացուցիչներ եւս ներկայ ըլլան անոր:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ