Նախագահ Սարգսեան կ՛ընդունի Մեքսիքայի խորհրդարանի անդամները

By Asbarez | Saturday, 28 October 2017

1028serj

ԵՐԵՒԱՆ - Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ուրբաթ, 27 Հոկտեմբերին, իր նստավայրին մէջ ընդունեց  Մեքսիքայի խորհրդարանի Մեքսիքա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի անդամները՝ խումբի ղեկավար Պլանքա Մարկարիթա Քուաթա Տոմինկեսի գլխաւորութեամբ:

Ողջունելով հիւրերը՝ նախագահը յայտնեց, որ Հայաստան միշտ ուրախ է հիւրընկալելու բարեկամ երկիրներու ներկայացուցիչները: Ան ըսաւ, որ բարեկամ Մեքսիքայի պատգամաւորներուն այցը նոր էջ պիտի բանայ հայ-մեքսիկական միջխորհրդարանական յարաբերութիւններուն եւ պիտի նախանշէ երկու երկիրներուն խորհրդարաններուն միջեւ համագործակցութեան յետագայ ուղիները:

Հանրապետութեան նախագահը ողջունեց մեքսիքացի խորհրդարանականներուն երկօրեայ այցը Արցախ:

Մեքսիքա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահին՝ ջերմ ընդունելութեան համար եւ վստահեցուց, որ խումբը իր կարելին պիտի ընէ, որպէսզի համագործակցութիւնը շարունակ ամրապնդուի եւ խորացուի:

Հայաստան եւ Արցախ այցի օրերուն, պատուիրակութիւնը զգացած է հայ ժողովուրդի ջերմ վերաբերումը եւ բարեկամութեան փոխադարձ մեծ ցանկութիւնը:

<<Մենք շատ լաւ դռներ բացած ենք մեր երկու ժողովուրդներուն բարեկամութեան համար: Մեզի համար մեծ պատիւ է Հայաստանի նման արժանապատիւ երկրի մէջ ըլլալը: Երջանիկ էինք նաեւ տեսնելու Արցախը՝ փոքրիկ եւ վեհ երկիր մը, որ արդէն մեր սիրտին մէջ իր կայուն տեղը ունի>>, ըսաւ Մեքսիքա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ղեկավար Պլանքա Մարկարիթա Քուաթա Տոմինկես:

 



comments