Պարզանի Չորեքշաբթի օր պիտի հեռանայ պաշտօնէն

By Asbarez | Tuesday, 31 October 2017

 

1031barzani

ԱՐՊԻԼ, <<Էյ.Փի.>> - Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի, Հոկտեմբեր 29ին շրջանային խորհրդարանին նամակ մը յղելով՝ յայտարարեց. <<Կը մերժեմ Նոյեմբեր 1էն ետք Քիւրտիստանի մարզի նախագահութեան նոր նստաշրջան մը ստանձնել. կը մերժեմ նախագահութեան նստաշրջանի երկարաձգումը. պիտի շարունակեմ փեշմերկաներու (քրտական զինեալ ուժեր) շարքին զինուոր մը մնալ եւ իրաւունքներու տիրացման հարցին մէջ պիտի ըլլամ ժողովուրդի շարքերուն մէջ>>:

Պարզանի, որ այս պաշտօնին վրայ էր 2005էն ի վեր, ցաւ յայտնեց, որ ամերիկեան ուժերը ձեռնածալ մնացած են, երբ իրաքեան ուժերը ամերիկեան հրասայլերով եւ զէնքերով յարձակած են <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութիւնը պարտութեան մատնած քիւրտերուն վրայ։

Նոյն օրը, խորհրդարանը իր նիստը մէկ ժամով ընդհատեց, երբ խորհրդարանին մէջ Պարզանիի համակիրներուն եւ ընդդիմադիրներուն միջեւ ծեծվռտուք տեղի ունեցաւ: Պարզանիի համակիրները յարձակում գործեցին <<Նոր Սերունդ>> հոսանքի բանբերին վրայ, երբ վերջինս Պարզանին ամբաստանեց շրջանի ղեկավարման մէջ ձախողելով: <<Իրաքի Քրտական մարզին նախագահութիւնը մարզին դիմագրաւած հարցերուն աղբի՛ւրն էր>>, ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Իրաքի կառավարութեան բանբեր Սաատ Հատիսի Շաբաթ օր յայտնեց, թէ իրաքեան միացեալ ուժերուն եւ փեշմերկաներուն միջեւ ժողովներ տեղի կ՛ունենան Մուսուլի մէջ: Իրաքեան ուժերու սպայակոյտի պետ Օսման Ղանեմի իր կարգին նշեց, թէ փեշմերկաները նահանջած են դէպի 2003ի իրենց դիրքերը:

 



comments