Մերքելի կուսակցութիւնը Ատրպէյճանէն մեծագումար նուիրատուութիւն ստացած է

By Asbarez | Tuesday, 31 October 2017

 

1031merkel

ՊՈՆՆ, <<Տէօչէ Վելլէ>> - Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի Քրիստոնեայ ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան Ֆրանքֆորթի շրջանային մասնաճիւղը 2012ին ատրպէյճանական <<Սոքար>> քարիւղի պետական ընկերութենէն ստացած է 28,000 եուրօ՝ խախտելով կուսակցութիւններու նուիրատութիւններուն մասին Գերմանիոյ օրէնքները:

Արդարեւ, 3000 եւ 25,000 եուրոյի երկու վճարումները կատարուած են Գերմանիոյ մէջ <<Սոքար>>ի գրասենեակէն։

Պերլինի մէջ կուսակցութեան գլխաւոր գրասենեակի հաշուապահները այդ իրավիճակին մասին տեղեկացած են կուսակցութիւններու գործունէութիւնը վերահսկող խորհրդարանի վարչութեան կողմէ, որ 2013ի աշնան վճռած էր, թէ այդ նուիրատուութիւնը անթոյլատրելի է, հակառակ անոր որ անիկա ստացուած է գերմանական հաշիւէ: Քրիստոնեայ ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը նուիրատուութեան ամբողջ գումարը փոխանցած է դաշնակցային գանձարան:

Հակառակ օրէնքի խախտումին, կուսակցութիւնը ստիպուած պիտի չըլլայ տուգանք վճարելու։

Նշենք, որ <<Սոքար>> կը ջատագովէ բնական կազատարի ծրագիր մը, որ կ՛անցնի եօթը երկիրներէ եւ հաւանաբար իր աւարտին պիտի հասի 2019ին: Այդ նախագիծը վաւերացուած էր 2013ին՝ ուժանիւթի հարցերով Եւրոմիութեան այդ օրերու գերմանացի յանձնակատար՝ Մերքելի կուսակցութեան մէկ անդամին աջակցութեամբ:

 

comments