By Asbarez | Tuesday, 31 October 2017
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Ռոյթըրզ>> - Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ընտրութեան մէջ ռուսական դերակատարութիւնը հետապնդող Ռապըրէ Միւլըր Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 30ին շարք մը ամբաստանութիւններ կատարեց նոյն օրը ձերբակալուած Թրամփի ընտրապայքարի նախկին ղեկավար Փօլ Մենըֆորթի եւ անոր գործակից ու Թրամփի ընտրապայքարի խումբին փոխղեկավար Ռիք Կէյթսի հասցէին։
Ուղղուած 12 ամբաստանութեանց շարքին են՝ Միացեալ Նահանգներու դէմ դաւադրութիւն, տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներու ապօրինի փոխանցումներ եւ ամերիկեան իշխանութեան սուտ վկայութիւն տալ։
Մենըֆորթ տարիներով լոպիական աշխատանք կատարած է ի նպաստ Ռուսիոյ ու անոր դաշնակից ուքրանացի քաղաքական գործիչներու։
Յատկանշական է, որ նոյն օրը, Թրամփի ընտրապայքարի արտաքին քաղաքական հարցերու խորհրդական Ճորճ Փափատոփուլոս ընդունեց, թէ սուտ տեղեկութիւններ փոխանցած է Դաշնակցային հետախուզութեանց գրասենեակին (<<Էֆ.Պի.Այ.>>)։ Փափատոփուլոսի հետապնդումը կ՛առնչուի Թրամփի մրցակից Հիլըրի Քլինթընը վարկաբեկելու արշաւին։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ