By Asbarez | Tuesday, 31 October 2017
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ, <<Պի.Պի.Սի.>> - Հարիւր հազարաւոր սպանացիներ Պարսելոնայի մէջ ցոյց կատարեցին Հոկտեմբեր 29ին, Քաթալոնիան Սպանիայէն անջատելուն դէմ: Մինչ ցոյցի կազմակերպիչներն ու Մատրիտը յայտնեցին, որ մասնակիցներուն թիւը աւելի քան մէկ միլիոն է, քաթալոնական ոստիկանութիւնը նշեց, թէ այդ թիւը մօտաւորապէս 300,000 էր:
Ցուցարարները սպանական դրօշակներ բարձրացուցին եւ <<Կեցցէ՛ Սպանիան>> կարգախօսը գոչեցին:
Քաթալոնիոյ մեծագոյն ընդդիմադիր կուսակցութիւնը յայտնեց, թէ այդ շրջանի <<լուռ մեծամասնութիւնը>> այս արարքով իր ձայնը լսելի դարձուց:
Ցոյցի ընթացքին կարգ մը ծայրայեղ ազգայնամոլներ նաեւ <<Կեցցէ՛ Ֆրանքօն>> պոռացին՝ ակնարկելով Քաթալոնիան տասնամեակներով ճնշած սպանացի բռնատէրին։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ