By Asbarez | Thursday, 02 November 2017
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ քրտական Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան խորհրդարանին մէջ, ամավարկի քննարկումներուն ընթացքին, խիստ քննադատութեան ենթարկած է խորհրդարանի նախագահը եւ անդրադարձած է Էրտողանի օրինակով «պեխ պահող»ներուն:
Ըստ «Արցախփրէս»ի՝ թրքական «Gazeteduvar» կայքը փոխանցած է, թէ Կարօ Փայլան խորհրդարանի նախագահ Իսմայիլ Քահրամանը մեղադրած է բացառապէս կուսակցական շահերով առաջնորդուելուն, այլ ոչ թէ խորհրդարանի բոլոր պատգամաւորներու նախագահի պարտականութիւն իրականացնելու համար:
Կարօ Փայլան ուշադրութեան հրաւիրած է այն, որ ամավարկի յանձնաժողովի բոլոր անդամները տղամարդի՛կ են. «Ձեր ըսած պետութիւնը տղամարոց պետութիւն դարձած է: Վերջին երկու տարուան մէջ նոր զարգացում կը տեսնեմ: Պետութիւնը կը դառնայ միանման պեխ պահողներու պետութիւն: Կարծես, թէ իշխանաւորներն ու պատգամաւորները պարտաւորուածութիւն կը զգան պեխ պահելու: Եթէ երկու տարի առաջ խորհրդարանին մէջ պեխ ունեցողներուն թիւը 5էն 10 տոկոս էր, ապա այժմ այդ թիւը կ՛անցնի 90 տոկոսը», ըսած է ան:
Նշենք, որ աւելի առաջ ի յայտ եկած էր, թէ Էրտողան իր կուսակիցներուն յորդորած էր պեխ պահել, որմէ ետք իշխող կուսակցութեան պատգամաւորներն ու պաշտօնեաները սկսած են պեխ պահելու:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ