Նախագահը հանդիպած է համաշխարհային ճանաչում ունեցող Հայ գիտնականներու

By Asbarez | Tuesday, 07 November 2017

 

1107scientists

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմրատիօ>> - Նախագահ Սերժ Սարգսեան Երկուշաբթի, 6 Նոյեմբերին,  իր գրասենեակին մէջ ընդունած է համաշխարհային ճանաչում ունեցող գիտնականներ, Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի արտասահմանեան անդամներ Եուրի Օգանէսեանին եւ Անի Աբրահամեանին, որոնք Երեւան ժամանած են մասնակցելու համար Նոյեմբեր 6-8 տեղ ունենալիք Համահայկական գիտաժողովին:

Երկու գիտնականները նաեւ պիտի մասնակցին  Ա. Ի. Ալիխանեանի անուան ազգային գիտական գիտավերլուծարանի (ԱԱԳԳ) ռազ-մավարութեան մշակման քննարկումներուն:

Եուրի Օգանէսեան Հայաստանի վարչապետի կողմէ նշանակուած ԱԱԳԳ միջազգային գիտական Խորհուրդի նախագահն է: Այս Խորհուրդը 2009-2010 թուականներուն ձեւաւորած է միջազգային յանձնաժողով մը, որ ձեռնարկած է Երեւանի Բնագիտութեան համալսարանը Ազգայաին գիտական գիտավերլուծարանի վերափոխելու աշխատանքին:

Անի Աբրահամեան շարք մը ամերիկեան եւ եւրոպական գիտական հիմնարկներու կառավարման փորձ ունեցող գիտնական է, որու մասնագիտութիւնը գլխաւորաբար միջուկային բնագիտութեան եւ <<իզոտոպներ>>ու արտադրութեան բնագաւառի մէջ է: Աբրահամեան եւս ներգրաւուած է Եուրի Օգանէսեանի կողմէ ձեւաւորուած միջազգային յանձնաժողովի գործունէութեան մէջ:

Ողջունելով անուանի գիտնականներուն, նախագահը գնահատած է անոնց պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու Հայաստանի գիտութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ ներդրում ունենալու յատկապէս բնագիտութեան եւ ուսողութեան բնագաւառներու առաջընթացի եւ երիտասարդ գիտնականներու կրթութեան գործի մէջ:

 



comments