Իրան կը քննադատէ Լիբանանի ներքին հարցերուն Ռիատի միջամտութիւնը

By Asbarez | Thursday, 09 November 2017

1109rouhani

ԹԵՀՐԱՆ, ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Էյ. Փի.>> - Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8ին խստօրէն քննադատեց Լիբանանի ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալու Սէուտական Արաբիոյ քաղաքականութիւնը՝ աւելցնելով, որ Լիբանանի իշխանութիւնները պէտք չէ առիթ ընծայեն, որ երկիրը օտար ուժերու կռուադաշտի մը վերածուի։

Ռոհանի այսպիսով կ՛ակնարկէր Լիբանանի վարչապէտ Սաատ Հարիրիի հրաժարականին, որ անակնկալօրէն յայտարարուեցաւ Ռիատէն։

Նոյեմբեր 8ին, Լիբանանի նախագահ Միշել Աունի գրասենեակը յայտարարեց, թէ Հարիրի կը շարունակէ մնալ երկրին վարչապետը, որովհետեւ նախագահը չէ ընդունած արտասովոր պայմաններու տակ կատարուած անոր հրաժարականը՝ աւելցնելով, որ Աուն ցարդ չէ կրցած կապի մէջ մտնել Հարիրիի հետ։

 



comments