Բանավէճ՝ Կարօ Փայլանի եւ Թուրքիոյ վարչապետի օգնականին միջեւ

By Asbarez | Friday, 10 November 2017

 

1110garo-paylan

ՊՈԼԻՍ, <<Ակօս>> - Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան բանավէճ մը ունեցած է վարչապետի օգնական Հաքան Չաւուշօղլուի հետ: Ի միջի այլոց, Փայլան առարկած է 2018ի պետական ամավարկի քննարկումներուն ընթացքին վարչապետի օգնականին այն յայտարարութեան, թէ՝ երկրի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները <<մեր կողմէ երաշխաւորուած աւանդներ են>> խօսքին:

Վարչապետի օգնական Չաւուշօղլու ըսած է. <<Երկրին մէջ մնացած փոքրամասնութիւնները մեզի աւանդ են: Պոլիս բնակող փոքրամասնութիւնները աւանդ են մեր պետութեան, ինչպէս որ արեւմտեան Թուրքիոյ իսլամ փոքրամասնութիւնները աւանդ են Յունաստանին>>:

Խօսելէ ետք փոքրամասնութիւններէն բռնագրաւուած հաստատութիւններուն վերադարձին մասին՝ Չաւուշօղլու անդրադարձած է նաեւ հայկական մշակոյթի ժառանգներու պահպանման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն: Ապա դիմելով Փայլանին՝ հարց տուած է, թէ արդեօք Հայաստանը նոյնը կ՛ընէ՞ իր հողերուն վրայ գտնուող թրքական մշակութային կոթողներուն համար։

Փայլան իր ընդվզումը բացատրած է հետեւեալ խօսքերով. <<Դժբախտաբար, կառավարութիւնը եւ իրեն հետ միասին ամբողջ պետական համակարգը վերջին երկու տարիներուն որդեգրած կը թուին ըլլալ պետութեան նախկին մտածելակերպը: Այժմ կը լսենք այնպիսի խօսքեր, որոնց արդէն սովոր էինք մեր մանկութեան տարիներէն: Ես այդ օրը նախարարին յայտնեցի, որ մենք ո՛չ աւանդ, ո՛չ ալ պատանդ ենք: Մենք քաղաքացինե՛ր ենք, քաղաքացինե՛ր, որոնք հազարաւոր տարիներէ ի վեր կը բնակինք այս հողերուն վրայ: Պետութիւնը ստիպուած է մեզի հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ որդեգրել համաշխարհային սկզբունքներու թելադրած կանոնները: Ինք ծնած է Կիւմիւլճինէ: Հետեւաբար, պէտք է քաջ իմանայ փոքրամասնութիւններուն խնդիրները: Սխա՛լ կը գործէ, եթէ ուզէ Կիւմիւրճինէի մէջ իրեն դէմ գործադրուած անարդարութիւնները այստեղ մեզի դէմ գործադրել: Փոխանակում ըսուածը քաղաքացիներուն դէմ գործադրելը անընդունելի՛ է: Եթէ Յունաստան իր երկրի փոքրամասնութիւններուն դէմ անարդար կը գտնուի, ապա ինքն ալ այստեղ մեզի՞ դէմ անարդարութիւն պիտի ընէ: Թուրքիա Լօզանի դաշնագիրով պահանջուածներէն առաջին շեղողը եղաւ: Ունեւորութեան տուրքի գործադրութիւնը, փոքրամասնութիւններու դպրոցներու իրաւունքներուն յափշտակումը, Պատրիարքարանի իրավիճակին մերժումը հետզհետէ Յունաստանին ալ ստիպեցին փոխադարձ միջոցներու ձեռնարկել: Ես Թուրքիո՛յ հանրապետութեան պատգամաւորն եմ: Ինձմէ չէք կրնար Յունաստանի կամ Հայաստանի որեւէ մերժողական քաղաքականութեան հաշիւը պահանջել: Թուրքիան պէտք է իր քաղաքականութեամբ արդար գործէ, որպէսզի ես ալ ձեզի հետ միասին Յունաստանի կամ Հայաստանի բացասական գործունէութիւններուն դէմ պայքարիմ>>:

Փայլան նաեւ անդրադարձած է պատրիարքական եւ համայնքային հաստատութիւններու ընտրութեան խնդիրին՝ շեշտելով. <<Հայ համայնքը ունի խնդիրներ, որոնք շտապ լուծումներու կարիքը ունին: Պէտք է շուտով կատարուի պատրիարքի ընտրութիւնը եւ պատրաստուած նոր կանոնագիրի մը հիման վրայ ձեռնարկուի համայնքային հաստատութիւններու ընտրութիւններուն>>:

 



comments

Advertisement