9էն 13 Նոյեմբերին, Սոչիի մէջ տեղի ունեցած սամպոյի աշխարհի ախոյեանութեան հայ մարզիկները նուաճեցին 5 մետալներ՝ 2 պրոնզ, 1 արծաթ եւ 2 ոսկի:
Տիգրան Կիրակոսեան 52 քկ. դասակարգին մէջ 5:1 հաշիւով յաղթեց Մոնկոլիոյ ներկայացուցիչին։ Նոյն դասակարգին մէջ, Գրիգոր Մխիթարեան 8:0 հաշիւով յաղթեց Ղրղզստանի ներկայացուցիչին: Անոնք դարձան աշխարհի ախոյեաններ:
Վաչիկ Վարդանեան (68 քկ.) պարտուեցաւ միայն եզրափակիչ փուլին եւ արժանացաւ արծաթէ մետալի:
Իսկ Մասքիմ Մանուկեան (57 քկ.) եւ Արսէն Խանջեան (100 քկ.) դարձան պրոնզէ մետալակիրներ: