Էրտողան վերահաստատած է, թէ կը փափաքի Արցախի հարցը քննարկել Փութինի հետ

By Asbarez | Tuesday, 14 November 2017

1114erdo putin

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, Ռուսիա մեկնելէ առաջ տուած է մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին խօսած է այն հարցերուն մասին, որոնք պիտի քննարկուին Ռուսիոյ իր պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ։

Ըստ թրքական <<Անատոլու>> լրատու գործակալութեան՝ Էրտողան շեշտած է, որ Թուրքիա նպատակ ունի Ռուսիոյ հետ առեւտուրի ծաւալները հասցնել 100 միլիառ տոլարի, որուն համար Անգարա <<իր կարելին կ՛ընէ>>։ Էրտողան յոյս յայտնած է նաեւ, որ կարելի կ՛ըլլայ երկու երկիրներուն առեւտրային բոլոր սահմանափակումները ջնջել, միաժամանակ ակնկալելով, որ Ռուսիա դիւրացնէ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն այցագիրներու տրամադրումը:

Թուրքիոյ նախագահը նաեւ տեղեկացուցած է, թէ բացի ռուս-թրքական յարաբերութիւններէն, Փութինի հետ պիտի քննէ տարածաշրջանային շարք մը հարցեր, ներառեալ՝ Սուրիոյ հարցը եւ Արցախի հակամարտութիւնը:

<<Մտադրութիւն ունիմ Փութինի հետ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը քննարկելու>>, ըսած է Էրտողան:

 



comments

Advertisement