Թուրքիա ամբողջացուցած է Ռուսիայէն S-400-ներու գնումը

By Asbarez | Tuesday, 14 November 2017

 

1114trk s400

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Նուրետտին Ճանիքլի Նոյեմբեր 13ին յայտարարած է, որ Անգարա ամբողջացուցած է Ռուսիայէն <<S-400>> տիպի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն գնումը: Ըստ <<Անատոլու>> պետական լրատուական գործակալութեան՝ նախարարը յայտարարած է, որ այդ համակարգերը Թուրքիոյ մէջ արտադրելու համար աշխատաքներ կ՛իրականացուին արդէն:

Նշենք, որ այս տարուան Օգոստոսին, Ռուսիա եւ Թուրքիա ստորագրեցին նշեալ համակարգերու վաճառքին վերաբերեալ պայմանագիրը, որմէ ետք շարք մը երկիրներ, մասնաւորապէս ՆԱԹՕի անդամները, խիստ կերպով արձագանգեցին անոր: Այս հարցին անդրադարձաւ նաեւ Ամերիկա այցելած Թուրքիոյ վարչապետը՝ նշելով, որ համակարգերուն ձեռքբերումը Թուրքիոյ համար ոչ թէ ընտրութիւն էր, այլ՝ անհրաժեշտութիւն:

 

comments