By Asbarez | Tuesday, 14 November 2017
ԹԵՀՐԱՆ, <<Ալիք>> - Նոյեմբեր 12ին Իրան-Իրաք սահմանը հարուածած եւ յատկապէս Իրանի Քերմանշահ նահանգը ցնցած 7.3 ուժգնութեամբ երկրաշարժի զոհերուն թիւը Նոյեմբեր 13ին անցած է 400ի սահմանը։ Վիրաւորուած են աւելի քան 6700 ուրիշներ: Իրաքի քրտաբնակ շրջաններուն մէջ նաեւ արձանագրուած է առնուազն 7 զոհ։
Իրանի նախագահին յանձնարարականով՝ տուժածներուն անհրաժեշտ բժշկական օգնութիւն տրամադրելու եւ փրկարար աշխատանքները կազմակերպելու նպատակին տրամադրուած են երկրին բոլոր միջոցները: Իրավիճակին մօտէն ծանօթանալու, եւ խնդիրները տեղւոյն վրայ կարգաւորելու նպատակով, աղէտի գօտի այցելած է կառավարութեան բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը՝ ներքին գործոց նախարարին գլխաւորութեամբ: Զինուորական ուժերը եւս յայտարարած են, որ իրենց բոլոր կարողութիւններն ու միջոցները պիտի յատկացնեն աղէտէն տուժածներուն անհրաժեշտ օգնութիւն տրամադրելու ջանքերուն:
Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը Նոյեմբեր 13ին Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպանատան եւ Իրանի մօտ Հայաստանի դեսպանատան միջոցով կապեր հաստատած է Իրանի իշխանութիւններուն հետ, պատրաստակամութիւն յայտնելով օգնութիւն տրամադրելու։ Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Նանա Գնդոյեան <<Արմէնփրէս>>ին ըսած է, թէ փրկարար խումբը արդէն պատրաստ է եւ կը սպասէ Իրանի պատասխանին՝ աւելցնելով. <<Պատասխանը ստանալուց յետոյ մեր փրկարարները կը մեկնեն օգնութեան>>:
Նաեւ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիին՝ իր խորին վշտակցութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնելով անոր եւ Իրանի բարեկամ ժողովուրդին, եւ զոհուածներու ընտանիքներուն ու հարազատներուն մաղթելով համբերութիւն, ուժ եւ կորով, իսկ վիրաւորներուն՝ շուտափոյթ ապաքինում:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ