Ըստ Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ-ի՝ Ֆլին փորձած է Թուրքիոյ յանձնել Կիւլենը

By Asbarez | Tuesday, 14 November 2017

1114flyn

ՆԻՒ ԵՈՐՔ - <<Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ>> գրած է, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները 15 միլիոն տոլար առաջարկած էին Տանըլտ Թրամփի նախկին խորհրդական Մայք Ֆլինին, այլախոհ կրօնական Ֆեթհուլլահ Կիւլենի Անգարայի յանձնումը կազմակերպելու համար, նոյնիսկ՝ զայն առեւանգելու միջոցաւ։ Թերթը կը պնդէ, թէ մշակուած էր յատուկ ծրագիր մը, ըստ որուն՝ Ֆլին իր զաւակին հետ պիտի կազմակերպէր Կիւլենի յանձնումը։ Նախատեսուած էր Կիւլենը տեղափոխել Իմրալը կղզի, ուր 1999էն ի վեր բանտարկուած կը մնայ նաեւ քիւրտ ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանը։ Կը նշուի նաեւ, որ այս հարցին շուրջ հետաքննութիւն կը կատարէ յատուկ դատախազ Ռապըրթ Միւլըրը, որ կը հետապնդէ նաեւ Ֆլինի ու Ռուսիոյ միջեւ կասկածելի կապերը, որոնց պատճառով Ֆլին հրաժարած էր իր պաշտօնէն։


comments