By Asbarez | Tuesday, 14 November 2017
ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատան եւ Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան միջոցով կապ հաստատեց Իրանի իշխանութիւններուն հետ եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց օգնութիւն տրամադրելու աղէտի հետեւանքներու վերացման գործընթացին:
Ըստ <<Արմէնփրէս>>ի՝ ԱԻՆ մամլոյ խօսնակ Նանա Գնդոյեան յայտնեց, որ ԱԻՆ միջազգային որակաւորմամբ փրկարարական խումբը արդէն բերուած է բարձր պատրաստուածութեան եւ կը սպասէ Իրանի պատասխանին: <<Պատասխանը ստանալէ ետք մեր փրկարարները պիտի մեկնին օգնութեան>>, ըսաւ ան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ