Ռայի Պատրիարքին հետ հանդիպումէն ետք՝ Հարիրի կը խոստանայ յառաջիկայ երկու օրերուն Պէյրութ վերադառնալ

By Asbarez | Wednesday, 15 November 2017

Ռայի պատրիարքը կը խորհրդակցի Սալման թագաւորին հետ
Ռայի պատրիարքը կը խորհրդակցի Սալման թագաւորին հետ

ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ռոյթըրզ>> - Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14ին, Լիբանանի հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի <<Թուիթըր>>ի վրայ գրած է, թէ յառաջիկայ երկու օրերուն Պէյրութ պիտի վերադառնայ՝ պնդելով, որ ազատ է նման ճամբորդութիւններ կատարելու։

Հարիրիի հրաժարականը մերժած Լիբանանի նախագահ Միշել Աուն ողջունեց Հարիրիի վերադարձին լուրը։

Նշենք, որ Հարիրի Ռիատի մէջ Երեքշաբթի օր հանդիպում մը ունեցած էր Լիբանանի մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ, որ Սէուտական Արաբիա այցելող առաջին մարոնի պատրիարքը եղաւ: Ան հանդիպումներ ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Սալման թագաւորին եւ Մուհամմատ պըն Սալման գահաժառանգ իշխանին հետ:

Միւս կողմէ, Նոյեմբեր 14ին Ֆրանսա այցելող Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ <<Սի.Էն.Էն.>>ի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ կը նախատեսուի, որ Հարիրի Չորեքշաբթի օր վերադառնայ Պէյրութ՝ նշելով, որ Հարիրի ի՛նք պիտի որոշէ, թէ վերստին պաշտօնապէս պիտի ներկայացնէ իր հրաժարականը կամ ոչ:

 

comments

Advertisement