Սոչիի մէջ նախագահներ Էրտողան եւ Փութին խոստացան յարաբերութիւնները սերտացնել

By Asbarez | Wednesday, 15 November 2017

 

1115putin-erdoghan

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Նոյեմբեր 13ին, Ռուսիոյ Սոչի քաղաքին մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Էրտողան, ինչպէս աւելի ուշ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ինք եւս ընդգծեց, այս տարի երրորդ անգամն էր, որ կ՛այցելէր Ռուսիա, իսկ մէկ տարուան ընթացքին վեցերորդ անգամն էր, որ հանդիպում կ՛ունենար Փութինի հետ։ Փութին, իր կարգին, մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, թէ Թուրքիոյ ու Ռուսիոյ միջեւ այս հանդիպումները բնականոն դարձան՝ աւելցնելով, որ այդ հանդիպումները միշտ կ՛անցնին նոյն <<մտերմիկ ու հաճելի>> մթնոլորտին մէջ։

Այս յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ երկու նախագահներն ալ առաւելագոյնը կ՛ընեն, որպէսզի երկու երկիրներուն միջեւ վերջերս ծագած տարակարծութիւնները վերջնականապէս հարթուին ու երկու երկիրները վերադառնան նախկին բնականոն վիճակին։ Ըստ Փութինի՝ այդ վերադարձը արդէն իսկ իրականացած է։ Բայց Էրտողան շատ համակարծիք չէր. ան ըսաւ, որ տակաւին կան սահմանափակումներ, որոնք պէտք է ջնջուին։ Այդ սահմանափակումներէն մէկը այցագիրներու հարցն է։

Էրտողան ու Փութին նախ առանձին հանդիպում մը ունեցան, ապա կայացաւ պատուիրակութիւններու ժողովը, որմէ ետք՝ համատեղ մամլոյ ասուլիս։

Նախագահները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու գծով արձանագրուած նուաճումներուն առթիւ։ Օրակարգի վրայ կային բազմաթիւ հարցեր՝ քաղաքական ու տնտեսական։ Սուրիոյ հարցը այդ կարեւոր հարցերէն էր, որուն ծիրին մէջ Փութին դիտել տուաւ, թէ Սուրիոյ մէջ գրեթէ դադրած են բռնարարքները եւ մօտաւորապէս ստեղծուած են այն պայմանները, որոնց շնորհիւ Սուրիոյ մէջ կողմերը պիտի կարենան բանակցիլ՝ ՄԱԿի հովանաւորութեան ներքեւ։

Երկու նախագահներուն համար կենսական կարեւորութիւն կը ներկայացնէին տնտեսական կապերը։ Անոնք առեւտրական յարաբերութիւններուն մասին տուին այնպիսի թիւեր, որոնք բարելաւում ցոյց կու տան՝ ողջունելով նաեւ այն իրողութիւնը, թէ ռուս զբօսաշրջիկներ նախկինին նման սկսած են այցելելու Թուրքիա։

Կարելի է ըսել, որ Սոչիի սոյն հանդիպումը կը ցոլացնէր յարաբերութիւնները ժամ առաջ բնականոն դարձնելու ուղղութեամբ երկու նախագահներուն կամքը։

Նախագահ Էրտողան Սոչիէն անցաւ Քուէյթ։

 



comments

Advertisement