Թուրքիա կը շարունակէ ընդդիամանալ Սուրիոյ հարցով համագումարին Քիւրտերու մասնակցութեան

By Asbarez | Wednesday, 15 November 2017

1115cavusoglu

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու, պատասխանելով Ռուսիոյ մէջ կազմակերպուող Սուրիոյ ազգային երկխօսութեան համագումարին մասին հարցումի մը՝ պնդած է, թէ Անգարա կտրուկ կերպով դէմ է քիւրտերու մասնակցութեան։ Ան պնդած է, թէ Ռաքքայի դէպքերը <<ցոյց տուին>>, որ Սուրիոյ քիւրտերուն ղեկավարած Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան եւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան միջեւ ո՛չ մէկ տարբերութիւն կայ՝ իբրեւ <<փաստ>> նշելով այն իրողութիւնը, որ Ռաքքա մուտք գործած քիւրտերէն ոմանք բարձրացուցած են Թուրքիոյ մէջ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած՝ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի լուսանկարով պաստառներ:

Նշենք, թէ համագումարը, որ պիտի կայանար Նոյեմբեր 18ին, յետաձգուած է։

 



comments

Advertisement