Հայաստանը ընտրուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի 1970ի ուխտի միջկառավարական կոմիտէի անդամ

By Asbarez | Wednesday, 15 November 2017

1115unesco

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 30 Հոկտեմբերէն 14 Նոյեմբեր Փարիզի ԵԻՒՆԵՍՔՕի կեդրոնին մէջ ընթացող կազմակերպութեան Գլխաւոր խորհրդաժողովի շրջագիծին մէջ տեղի ունեցան Մշակութային արժէքներու՝ ծագման երկիր վերադարձը կամ ապօրինի իւրացման պարագային անոնց վերահաստատումը խրախուսելու հարցերով միջկառավարական կոմիտէի ընտրութիւնները:

Կոմիտէն կը հանդիսանայ <<Մշակութային արժէքներու ապօրինի ներածումը, արտածումը եւ անոնց նկատմամբ սեփականութեան իրաւունքի փոխանցումը արգիլելու եւ կանխելու միջոցառումներու մասին>> ԵԻՒՆԵՍՔՕի 1970ի ուխտի միջկառավարական մարմինը:

Երկրորդ շրջանային խումբէն (Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներ) ընտրուած է Հայաստանը՝ 4 տարի ժամկէտով: Մայիս 2015ին, Հայաստանը ընտրուած էր նոյն Ուխտի անդամ պետութիւններու  հանդիպումին օժանդակ կոմիտէի անդամ՝ 4 տարի ժամկէտով:

Նշենք, որ 22 անդամ-երկիրներէ բաղկացած կոմիտէն հիմնուած է 1978ին՝ կազմակերպութեան Գլխաւոր խորհրդաժողովի 20րդ նստաշրջանի համապատասխան որոշումին հիման վրայ:

Կոմիտէի հիմնական գործառոյթներէն է՝ նպաստել պետութիւններու բազմակողմանի եւ երկկողմանի համագործակցութեան մշակութային արժէքներու՝ ծագման երկիր վերադարձնելու կամ անոնց վերահաստատումը խրախուսելու մասով:

 



comments

Advertisement