Տաշիր-ը յառաջիկայ տարիներուն Հայաստանի մէջ 1 միլիառ տոլարի ներդրում պիտի կատարէ

By Asbarez | Wednesday, 15 November 2017

1115dashir

Ռուսական <<Տաշիր>> ընկերութիւններու խումբը Հայաստանի ներդրողներու ակումբին եւ միջազգային ֆինանսական հիմնարկներու հետ կը պատրաստուի յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին շուրջ 1 միլիառ տոլարի ներդրում կատարել Հայաստանի ուժանիւթի ոլորտին մէջ: Այս մասին 13 Նոյեմբերին յայտարարուեցաւ <<Ռատիսըն Պլու>> հիւրանոցին մէջ <<Տաշիր>>ի ներդրումային ծրագրի ներկայացման ընթացքին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Ձեռնարկին ընթացքին հանգամանօրէն ներկայացուեցան, միջոցներու հաշուոյն եւ իրականացուելիք վերոնշեալ ներդրումային ծրագիրը ու անոր իրատեսական ըլլալու հանգամանքը:

Ձեռնարկին մասնակցեցան նաեւ <<Տաշիր>>ի գործընկեր միջազգային ֆինանսական եւ այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Ծրագրի ներկայացման աւարտին տեղի ունեցաւ փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւն <<Տաշիր>> ընկերութեան, <<Հայաստանի էլեկտրական ցանցեր>> (ՀԷՑ) ընկերութեան եւ ֆինանսական գործընկերներու միջեւ:

Յիշեցնենք, ՀԷՑը կը պատկանի ռուսիաբնակ միլիառատէր Սամուէլ Կարապետեանի <<Տաշիր Կրուփ>>ին:

Սերժ Սարգսեան Երեքշաբթի օր, Հայաստանի ազգային ճարտարագիտական համալսարանին մէջ ներկայ գտնուեցաւ աշխարհահռչակ ֆրանսական <<Շնայտըր Էլեքթրիք>> ընկերութեան, <<Տաշիր>> ընկերութիւններու խումբին եւ Հայաստանի ազգային ճարտարագիտական համալսարանի ներդրումով հիմնուած <<Կասկադ էներգօ-Տաշիր-ՀԱՊՀ>> գերազանցութեան կեդրոնի բացման արարողութեան՝ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին, համալսարանի տնօրէնին, <<Տաշիր>>ի նախագահին, <<Հայաստանի էլեկտրական ցանցեր>>, ինչպէս նաեւ <<Կասկադ-էներգօ>> ընկերութիւններու ղեկավարներուն ուղեկցութեամբ եւ շրջայց կատարեց նորաբաց նորարարական  կեդրոնին մէջ:

Նախագահը Երեւանի քաղաքապետին, տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարին, այլ պաշտօնատար անձերու ու հիւրերու հետ Երեւանի Արաբկիր վարչական շրջանին մէջ ներկայ գտնուեցաւ նաեւ <<Տաշիր>>ի մէկ այլ ձեռնարկին՝ ռուսասկան մեծագոյն <<Ռիօ>> ցանցին մաս կազմող <<Ռիօ մոլ>> առեւտուրի եւ ժամանցի կեդրոնի բացման արարողութեան: Ծրագիրի արժէքը կը կազմէ շուրջ 40 միլիոն տոլար: Ըստ պատասխանատուներուն՝ <<Ռիօ>>ի բացումով պիտի ապահովէ շուրջ 500 նոր աշխատատեղ:

 



comments

Advertisement