Փութին եւ Էրտողան քննարկած են Արցախի հարցը

By Asbarez | Wednesday, 15 November 2017

1116erdo putin COLOR

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թրքական <<Տիւնիա Պիւլեթնի>> լրատուական կայքը Նոյեմբեր 15ին գրած է, որ Սոչիի մէջ տեղի ունեցած Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահներու հանդիպման ընթացքին, ի միջի այլոց, կողմերը քննարկած են նաեւ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման հարցը:

Հանդիպման մասին հրապարակուած վերլուծական յօդուածի մը մէջ նշեալ կայքը գրած է, թէ երկու նախագահները միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին չեն խօսած արծարծուած բոլոր հարցերուն մասին՝ աւելցնելով. <<Հանդիպման ընթացքին երկու նախագահները շեշտած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման աշխատանքները պէտք է աշխուժանան: Այդ առումով, պատահական չէ, որ այսօր (Նոյեմբեր 15ին) Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցով կը մեկնի Ռուսիա>>:

Յիշեցնենք, որ Փութինի հետ հանդիպումէն առաջ, Էրտողան երկու առիթով նշած էր, թէ Արցախի հարցը անպայմա՛ն պիտի քննարկէ Ռուսիոյ նախագահին հետ:

 



comments

Advertisement