Իրան սուտերով լեցուն կ՛որակէ իր դէմ կատարուած Արաբական Լիկայի ամբաստանութիւնները

By Asbarez | Tuesday, 21 November 2017

ap-image

ԳԱՀԻՐԷ, ԹԵՀՐԱՆ, <<Էյ.Փի.>> - Իրան Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20ին, <<սուտերով լեցուն>> եւ <<բարբարոսական յարձակում>> որակեց մէկ օր առաջ Արաբական լիկայի արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին կողմէ Թեհրանի եւ լիբանանեան <<Հըզպալլա>> կազմակերպութեան դէմ կատարուած ամբաստանութիւնները։

Նշենք, որ Սէուտական Արաբիոյ պահանջով Գահիրէի մէջ գումարուած ժողովին չմասնակցեցաւ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմատ Ապուլ Ղէյթ, ժողովի բացման նիստին քննադատեց Ռիատի վրայ հրթիռի արձակումը՝ պնդելով, որ այդ հրթիռը իրանեան արտադրութիւն էր եւ ակնարկելով Սէուտական Արաբիոյ կողմէ շարունակական ռմբակոծումերու թիրախ Եմէնէն կատարուած մէկ յարձակումին։ Ան Իրանէն պահանջեց <<ետդարձ կատարել արաբական երկիրներուն հանդէպ իր կեցուածքներէն>>։

Ժողովի աւարտին ան յայտնեց, որ նախարարներու ժողովը դատապարտած է իրանեան միջամտութիւնը՝ նշելով, որ յաջորդ քայլը կրնայ ըլլալ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին դիմել: Ան աւելցուց, որ արաբական երկիրները համաձայն գտնուած են հաղորդագրութեան՝ բացի Լիբանանէն, որ <<Հըզպալլա>>ին վերաբերող բաժիններուն նկատմամբ վերապահութիւն յայտնած է:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած էր, որ <<գոյութիւն ունի նաեւ <<Հըզպալլա>>ին եւ Եմէնի <<Անսարուլլահ>>ին դէմ դնելու փափաք մը>>։

Լիբանան առարկած է հաղորդագրութեան մէջ <<Հըզպալլա>>ի մասին նշումին եւ զայն ահաբեկչական նկատելուն դէմ՝ յիշեցնելով, որ այդ կուսակցութիւնը մաս կը կազմէ իր երկրի կառավարութեան: Իրաք եւս զօրակցութիւն յայտնած է Լիբանանին:

Ժողովիn ընթացքին, Արաբական լիկային մօտ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Անթուան Ազզամ կոչ ուղղած է հեռու մնալու այն բոլորէն, որոնք արաբական երկիրներուն միջեւ պառակտում կը ստեղծեն, եւ հարցերը լուծելու ողջմի՛տ երկխօսութեամբ՝ հեռու մնալով սպառնալիքներէ, որպէսզի կարելի ըլլայ արտաքին միջամտութեանց դէմ դնել։

 



comments

Advertisement