Նախքան Լիբանան վերադարձը՝ Հարիրի Փարիզէն Գահիրէ պիտի անցնի

By Asbarez | Tuesday, 21 November 2017

 

1121leb

ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ռոյթըրզ>>, <<Ազդակ>> - Վերջին քանի մը օրերուն, Լիբանանի նախագահ Միշել Աուն վարչապետ Սաատ Հարիրի հրաժարումին գծով շարունակեց իր խորհրդակցութիւնները։

Շաբաթավերջին, նախքան Հարիրիի Ռիատէն Փարիզ մեկնիլը, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ կայացած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Աուն շեշտեց կայունութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը Լիբանանի մէջ: Ըստ Աունի մօտիկ աղբիւրներու՝ Հարիրիի Ռիատէն Փարիզ մեկնումը ինքնին կարեւոր իրագործում էր:

ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հաղորդակցութիւնը եւս նախագահ Աունի հետ յաւելեալ երաշխիք էր միջազգային ընտանիքի նախանձախնդրութեան՝ Լիբանանի կայունութեան պահպանման եւ ամրապնդման առնչութեամբ: Ամերիկեան եւ ռուսական պաշտօնական կեցուածքները նմանապէս կը հաստատէին Լիբանանի անդորրը անվրդով պահելու հրամայականը: Տակաւին, Հռոմի Ֆրանսիս պապին կողմէ Լիբանանի համար արտասանուած աղօթքն ու օրհնութեան խօսքերը եւս ամոքիչ բալասանի համազօր էին:

Վերադառնալով նախագահ Մաքրոնին՝ կարելի է հաստատել, թէ ան մէկէ աւելի ճակատներու վրայ իր ձեռնարկած դիւանագիտական հմուտ քայլերով քանի մը <<թռչուն որսաց>>: Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին, Միացեալ Նահանգներու նախագահին, մինչեւ իսկ Իսրայէլի վարչապետին հետ Մաքրոնի խորհրդակցութիւնները յաջողեցան յանգիլ արդիւնաւէտ ելքերու: Մաքրոն յաջողեցաւ նախ Հարիրին ազատագրել իր այսպէս կոչուած՝ տնային կալանքէն, երկրորդ՝ իր ոտքը ամուր հաստատեց շրջանային, յատկապէս լիբանանեան ճակատին վրայ: Մաքրոն նաեւ խոստացաւ մօտիկ ապագային Լիբանանի զօրակցութեան բարեկամ երկիրներու ժողով մը կազմակերպել Փարիզի մէջ: Ան գլուխ-գլխի կէս ժամ տեւող խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ հրաժարեալ վարչապետ Հարիրիի հետ:

Իր կարգին, Հարիրի շաբաթավերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ  Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ ու վերահաստատեց նախապէս լրագրողներուն կատարած իր յայտարարութիւնը, թէ Լիբանանի անկախութեան տօնէն (Նոյեմբեր 22) առաջ Լիբանան պիտի վերադառնայ եւ նախագահ Աունի հետ իր ունենալիք խորհրդակցութեան լոյսին տակ պիտի վճռէ իր կեցուածքը: Նախքան այդ, Հարիրի այսօր՝ Նոյեմբեր 21ին, պիտի ձեռնարկէ արաբական շրջապտոյտի մը՝ այցելելով նախ Եգիպտոս, ապա՝ Քուէյթ: Թէեւ Քուէյթի արտաքին գործոց փոխնախարարը հերքեց Հարիրիի Քուէյթ այցելութեան հաւանականութիւնը, ան շեշտեց, որ անոր այցը <<մի՛շտ ողջունելի է>>:

 



comments

Advertisement