By Asbarez | Wednesday, 22 November 2017
ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Պաշշար Ասատ, Նոյեմբեր 20ի երեկոյեան Սոչիի մէջ կայացած հանդիպման մը ընթացքին համաձայնած են, թէ Սուրիոյ մէջ ռազմական գործողութիւնները կը մօտենան իրենց աւարտին, եւ թէ այժմ հարկաւոր է անցնիլ քաղաքական գործընթացներու:
<<Այժմ ամենագլխաւորը քաղաքական գործընթացներուն անցնիլն է, եւ ես գոհունակութեամբ կը նշեմ ձեր պատրաստակամութիւնը աշխատելու բոլոր անոնց հետ, որոնք խաղաղութիւն ու կարգաւորում կը ցանկան>>, ըսած է Ռուսիոյ նախագահը՝ ակնարկելով Ասատին:
<<Այս ժամանակաշրջանին մեծ յաջողութիւններ ձեռք բերուած են՝ ինչպէս անմիջականօրէն մարտի դաշտին, այնպէս ալ քաղաքական առումով: Սուրիոյ բազմաթիւ շրջաններ ազատագրուած են ահաբեկիչներէ, եւ այդ շրջանները կրցած են վերադառնալ սուրիացիներուն, որոնք նախապէս հարկադրաբար լքած էին զանոնք>>, իր կարգին նշած է Ասատ: Ան յայտարարած է նաեւ, որ կ՛ակնկալէ Ռուսիոյ աջակցութիւնը Սուրիոյ քաղաքական կարգաւորման հարցին մէջ: <<Կ՛ողջունենք բոլոր անոնք, որոնք իրապէս շահագրգռուած են տագնապի քաղաքական կարգաւորումով. մենք պատրաստ ենք անոնց հետ երկխօսութիւն վարելու>>, եզրակացուցած է Ասատ:
Փութին-Ասատի հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան եւ սպայակոյտի ղեկավարութիւնը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ