Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար Սերկէյ Լաւրովը

By Aztag Daily | Friday, 24 November 2017


Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 21 նոյեմբերին ընդունած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը:

Հանդիպումին սկիզբը Հանրապետութեան նախագահը գոհունակութեամբ ընդգծած է, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին, Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան մասին համաձայնագիրի 20-ամեակի տարին արգասաբեր էր երկկողմանի  յարաբերութիւններու տեսանկիւնէն:

<<Այսօր այդ յարաբերութիւնները կը բնութագրուին իբրեւ իրապէս դաշնակցային: Ես լիովին կը կիսեմ այդ կարծիքը, որովհետեւ այդ յարաբերութիւնները բոլոր մակարդակներուն վրայ կ՛առանձնանան քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակով, արտաքին քաղաքականութեան լայն համակարգումով, միջազգային հարթակներու վրայ արգասաբեր համագործակցութեամբ, տնտեսական, զինուորական, ռազմաճարտարագիտական, մարդասիրական բնագաւառներու մէջ շատ լաւ փոխադարձ գործակցութեամբ>>, ըսած է նախագահ Սարգսեան` այդ բոլորին մէջ կարեւոր նկատելով աշխուժ փոխադարձ այցելութիւնները, որոնց ծիրին մէջ` միայն վերջին քանի մը ամիսներուն Հայաստան այցելած են Ռուսիոյ վարչապետը, արդիւնաբերութեան, կրթութեան, առողջապահութեան նախարարները, այս օրերուն տեղի կ՛ունենայ արտաքին գործոց նախարարին այցելութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահը նշած է նաեւ միացեալ ջանքերով իրականացուած բազմաթիւ քայլերը` Հայ-ռուսական միջշրջանային համաժողովը, Եւրասիական գործընկերութեան միջազգային համաժողովը, Հայ-ռուսական երիտասարդական համաժողովը, ամսուան սկիզբը իրականացուած միջխորհրդարանական յանձնախումբի յոբելենական 30-րդ նիստը:

Նշելով, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները հետեւողականօրէն կը զարգանան, նախագահը ընդգծած է, որ այսուհետեւ նոյնպէս պէտք է շարունակել աշխատանքը միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման, հայ եւ ռուս ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման ուղղութեամբ:

Նախարար Լաւրով շնորհակալութիւն յայտնած է ընդունելութեան համար եւ նախագահ Սերժ Սարգսեանին փոխանցած Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ջերմ ողջոյնները: Փութինի հետ Հայաստանի նախագահը վերջերս պաշտօնապէս բացումը կատարեց <<Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի մշակոյթի օրեր>>-ուն` Մարտիրոս Սարեանի ցուցահանդէսով:

Նախարարը, հանդիպումին ընթացքին, ներկայացուցած է Հայաստան իր պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ գործընկերոջ հետ ունեցած հանդիպումին եւ քննարկումներուն արդիւնքները:

<<Ձեզի հետ միասին այսօր դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին եւ Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան համաձայնագիրին 20-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսի բացման մասնակցելէն բացի, մենք` Էդուարդ Նալբանդեանի հետ, շատ մանրամասն բանակցութիւններ վարած ենք, ելոյթ ունեցած ենք զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն առջեւ, դիտարկած ենք մեր դաշնակցային յարաբերութիւններուն, ռազմավարական գործընկերութեան բոլոր բնագաւառները, որոնց մասին դուք բաւական հանգամանալից նշեցիք: Պիտի չկրկնեմ, քանի որ իրականութեան մէջ, չկայ մարդկային գործունէութեան որեւէ մարզ, որուն մէջ Ռուսիան եւ Հայաստանը չունենան գործնական փոխադարձ գործակցութեան ո՛չ թէ ձեւական, այլ իրական կառուցակազմ: Մեզի համար մեծ պատիւ է, որ դուք բարձր կը գնահատէք արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառին մէջ մեր համագործակցութիւնը: Պիտի աշխատինք արդարացնել ձեր եւ Ռուսիոյ նախագահին վստահութիւնը>>, հանրապետութեան նախագահին հետ հանդիպումին ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

Լաւրով. <<Հայ-Ռուսական Յարաբերութիւնները Ձեռք Բերած Են Դաշնակցային Եւ Ռազմավարական Գործընկերութեան Բնոյթ>>

Նալբանդեան. <<Ազրպէյճանի Հրապարակային Յայտարարութիւնները Կը Տարբերին Անոնց Գործողութիւններէն>>

<<Արմէնփրես>> կը տեղեկացնէ, թէ Երեւանի մէջ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք, լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին, Ռուսիոյ  արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ըսած է. <<Անցած տարիներուն ընթացքին հայ-ռուսական յարաբերութիւնները ձեռք բերած են դաշնակցային եւ ռազմավարական գործընկերութեան բնոյթ>>:

<<Մենք այսօր դիտարկեցինք կատարման ընթացքը այս տարուան ընթացքին մեր երկիրներու նախագահներու հանդիպումներուն ընթացքին ստորագրուած համաձայնագիրներու, որոնցմէ վերջինը կատարուեցաւ 15 նոյեմբերին, երբ Հայաստանի նախագահը հասած էր Ռուսիա` մասնակցելու Հայաստանի մշակոյթի օրերու բացման ձեռնարկներուն>>, նշած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Ան ընդգծած է, որ արձանագրուած է յառաջընթաց հայ-ռուսական տնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ: <<Այս տարուան ութ ամիսներուն երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական շրջանառութիւնը աւելցած է շուրջ 1/3-ով` նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին նկատմամբ: Ռուսիան Հայաստանի մէջ հիմնական ներդրումներուն առումով առաջին տեղը կը գրաւէ: Մենք դիտարկած ենք նաեւ իրականացուող ներդրումային ծրագիրները ուժանիւթի մարզին մէջ, ինչպէս նաեւ` Մեծամօրի հիւլէական կայանի շահագործման ժամկէտներու երկարաձգումը>>, ընդգծած է Սերկէյ Լաւրով:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ Հայաստան եւ Ռուսիա կայուն զարգացման հոլովոյթ արձանագրած են նաեւ ռազմաճարտարագիտական մարզին մէջ համագործակցութեան առումով: <<Կ՛աշխատի համապատասխան միջկառավարական յանձնախումբը: Հայաստանին անհրաժեշտ զինուորական արտադրանքի մատակարարումները պատշաճօրէն կը կատարուին>>, նշած է Լաւրով:

Ան շեշտած է, որ Հայաստանը ԱՊՀ տարածքին Ռուսիոյ անկիւնաքարային գործընկերներէն մէկն է: <<Հայաստանի ներկայացուցիչները այս պահուն կը ղեկավարեն Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովը եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւնը: Մենք գործնականօրէն  համընկնող դիրքորոշում ունինք բոլոր հարցերուն մէջ, որոնք կը գտնուին միջազգային կազմակերպութիւններու օրակարգին վրայ, ներառեալ` ՄԱԿ-ը, ԵԱՀԿ-ը, Եւրոպական խորհուրդը, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը>>, նշած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան` պատասխանելով ռուս լրագրողի մը հարցումին, թէ ինչո՞ւ Լեռնային  Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթը կը ձգձգուի, երբ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը յայտարարած է, որ կողմնակից է տագնապի շուտափոյթ լուծման, ըսած է. <<Խնդիրը այն է, որ պէտք է գործը խօսքերու հետ համընկնի եւ չշեղի: Ազրպէյճանի հրապարակային յայտարարութիւնները կը տարբերին անոնց գործողութիւններէն>>:

Նախարարը յիշեցուցած է տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած քանի մը այդպիսի դէպք. <<Քազանի նախօրէին մենք արտաքին գործոց  նախարարներու մակարդակով հանդիպումներ ունեցանք, որպէսզի համաձայնեցնենք հիմնական սկզբունքներուն նիւթը, որ հետագային պէտք է ներկայացուէր նախագահներուն: Վեհաժողովէն տասը օր առաջ մենք ստացանք ուղեկցող նամակ` ներառեալ նիւթերը, ուր յստակօրէն ներկայացուած էր, որ համաձայնութեան նիւթերուն մէջ փոփոխութիւններ պիտի չըլլան, բայց ազրպէյճանցիները Քազան եկան 12 փոփոխութիւններով` նահանջելով մէկ քայլ ետ:

<<Ասիկա առաջին անգամը չէր, աւելի առաջ եղած է Սոչիի մէջ մարտ 2011-ին, նոյնը եղած է հոկտեմբերին Աստրախանի մէջ, յունիս 2010-ին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ: Ատիկա եղած էր նաեւ Քազանէն ետք: Չանդրադառնամ բոլոր հանդիպումներուն, պարզապէս յիշեցնեմ, որ բառացիօրէն Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ մենք որոշակի համաձայնութիւններ ձեռք բերինք, բայց յետոյ անոնք յայտարարեցին, թէ որեւէ բանի շուրջ ալ չեն համաձայնած: Անոնք յայտարարեցին, թէ թիւրըմբռնում եղած է>>:

Նալբանդեան նշած է, որ ԵԱՀԿ-ի համանախագահող երկիրը չորս անգամ կապ հաստատած էր ազրպէյճանական կողմին հետ, անոնք ամէն անգամ հաստատած են, որ այո՛, մենք համաձայն ենք, որ ֆինանսաւորուի ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի` դեսպան Անճէյ Քասփրչիքի, խումբին ընդարձակումը, բայց չորս անգամ ԵԱՀԿ-ի պիւտճէական յանձնախումբին մէջ արգելափակած են այդ հարցը:

<<Հայաստանը, Արցախը եւ Ազրպէյճանը  քանի մը անգամ համաձայնած են նաեւ դադրեցնելու կրակը սահմանագիծին վրայ, բայց ինչ, ամէն ճիշդ ու սուտ գործածելով ազրպէյճանցիները կը փորձեն նահանջել այդ համաձայնութիւններէն: Ես կը կրկնեմ,  լաւ պիտի ըլլար, որ Ազրպէյճանի խօսքերը համապատասխանէին գործերուն>>, ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, Նալբանդեան ըսած է, որ Հայաստան պատրաստ է շարունակելու բանակցութիւնները` հասնելու համար տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման:

<<ՀայաստանՌուսիա. Բարեկամութիւն` Կոփուած Դարերով>> Ցուցահանդէսի Բացում

 

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 21 նոյեմբերին Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ ողջոյնի ուղերձ յղած է «Հայաստան-Ռուսիա. բարեկամութիւն` կոփուած դարերով» ցուցահանդէսի մասնակիցներուն եւ հիւրերուն: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատւութեան միջոցներուն հետ կապերու վարչութենէն:

Ցուցահանդէսին բացումը կատարած են Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեան եւ Սերկէյ Լաւրով: Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու, այլ պաշտօնատար անձերու եւ հիւրերու ընկերակցութեամբ հանրապետութեան նախագահը դիտած է տարբեր բնագաւառներու մէջ հայ-ռուսական համագործակցութիւնը ներկայացնող արխիւային փաստաթուղթերն ու լուսանկարները:

Այնուհետեւ նախագահ Սարգսեանի ներկայութեամբ տեղի ունեցած է  «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակը» նիւթին նուիրուած նամականիշներով գեղաթերթիկի մարման արարողութիւնը, որ  կատարած են Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը եւ Հայաստանի  կապի, փոխադրամիջոցներու եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարարը:


comments

Advertisement