Սոչիի մէջ աննախադէպ ձեւաչափով Փութին-Ասատ հանդիպում

By Aztag Daily | Friday, 24 November 2017



Քրեմլին յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Սոչիի մէջ հիւրընկալած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը եւ անոր հետ քննարկած Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման հոլովոյթի կազմակերպման հիմնական սկզբունքները:

Փութին շնորհաւորած է Ասատը ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Սուրիոյ արձանագրած արդիւնքներուն համար:

Քրեմլին նշեց, որ Ռուսիան Սուրիոյ մէջ փոխզիջումնային լուծման վերջնական փուլին մէջ ՄԱԿ-ի ազդու մասնակցութիւնը կ՛ակնկալէ:

<<Սուրիոյ մէջ այժմ կարեւորը քաղաքական հոլովոյթին անցնիլն է>>, ըսած է Փութին` աւելցնելով, որ նախագահ Ասատ պատրաստ է աշխատելու բոլոր անոնց հետ, որոնք խաղաղութիւն ու կայունութիւն կ՛ուզեն:

<<Ի հարկէ, ահաբեկչութեան դէմ լիարժէք յաղթանակ արձանագրելու հարցին մէջ տակաւին շատ ընելիք կայ: Սակայն ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ տարածքին մէջ ահաբեկիչներու դէմ ուղղուած մեր միացեալ աշխատանքին, ապա այդ զինուորական գործողութիւնը իրօք կ՛աւարտի>>, յայտարարած է Փութին` ընդգծելով, որ <<վերջակէտը>> շուտով պիտի դրուի:

<<Սուրիոյ մէջ իրավիճակի կայունացման համար շատ բան կատարուած է: Յոյսով եմ, որ ամէնէն մօտ ապագային մենք վերջակէտ կը դնենք Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, թէեւ կը գիտակցինք, որ ահաբեկչական օճախները պիտի մնան>>, ըսած է Ռուսիոյ նախագահը:

Ասատ իր կարգին յայտնած է, որ Ռուսիոյ շնորհիւ Սուրիան իբրեւ պետութիւն փրկուած է` աւելցնելով, որ ռուսական օդուժին եւ Սուրիոյ բանակին շնորհիւ երկու տարուան ընթացքին արձանագրուած յաջողութիւնները ակներեւ են եւ արտօնած, որ բազմաթիւ սուրիացիներ տունդարձ կատարեն:

<<Մենք կ՛ակնկալենք, որ Ռուսիան աջակցութիւն տրամադրէ ապահովելու համար, որ արտաքին դերակատարներ չմիջամտեն Սուրիոյ քաղաքական հոլովոյթին, եւ արտաքին կողմերը միայն սուրիացիներու ղեկավարած հոլովոյթին աջակցութիւն տրամադրեն>>, ըսած է Ասատ:

Ասատ ընդգծած է, որ Մոսկուա եւ Դամասկոս յաջողած են պահպանել Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնն ու անկախութիւնը: Փութին իր կարգին շնորհաւորած է Ասատը ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարին մէջ Սուրիոյ հասած արդիւնքներուն համար:

<<Մայատին>> արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ասատ ներկայ գտնուած է Փութինի նախագահութեամբ Ռուսիոյ բանակի բարձրագոյն հրամանատարութեան ժողովին, ինչ որ Ռուսիոյ պատմութեան մէջ աննախադէպ երեւոյթ է:

Նշենք, որ Ասատի Ռուսիա անակնկալ այցելութիւնը տեւած է 4 ժամ:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի անվտանգութեան ու պաշտպանութեան յանձնախումբի փոխնախագահ Ֆրանս Քլինցիվիչ նշեց, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական ուժերու գործողութիւնը իր աւարտին պիտի հասնի ահաբեկչական խմբաւորումներուն տապալումով:

Քլինցիվիչ <<Սփութնիք>>-ին յայտնած է, թէ Փութին-Ասատ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած տեղեկութիւնները կը հաստատեն, որ Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութեան աւարտը մօտալուտ է: <<Այո՛, բոլոր յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, թէ զինուորական գործողութիւնը պիտի աւարտի տարեվերջին, երբ այդտեղ գտնուող ահաբեկչական բոլոր խմբաւորումներուն վերջ պիտի տրուի, ինչպէս նաեւ ռուսական զինուորական ոստիկանութիւնը սուրիական քաղաքներէն հեռանալով պիտի վերադառնայ Ռուսիա>>:

Լիպըրման. <<Ասատ Վճռեց ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Ճակատամարտը Եւ
Այժմ Սուրիոյ Բնակելի Տարածքին 90 Առ Հարիւրին Կը Վերահսկէ>>

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրման յայտնեց, թէ Ասատ այժմ կը վերահսկէ Սուրիոյ բնակելի տարածքին 90 առ հարիւրին եւ ձեռնարկած է զինուորական խումբերու կազմութեան ու օդային պաշտպանութեան համակարգերու հաստատման:

<<Մենք հարցը նկատի առած ենք… Սուրիոյ բանակը աւելի կը մարզուի, եւ գոյութիւն ունին յաւելեալ պատրաստութիւններ եւ մեզի ուղղուած տողատակի յաւելեալ պատգամներու փորձեր, թէ իրենք պատրաստ են>>, ըսաւ Լիպըրման:

<<Սուրիացիները ունին <<Էս.Այ.22>> համակարգը, որ ազդու զէնք է, սակայն զայն չեն գիտեր գործածել>>, ըսաւ ան: Յայտնենք, որ նշեալ ռուսական համակարգը ծանօթ է նաեւ <<Փանցըր Էս1>> անունով:

Ան եզրակացուց, որ Ասատ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ճակատամարտը վճռած է, եւ շրջանը հիմնական փոփոխութիւններու կ՛ենթարկուի, ուստի իսրայէլեան բանակը <<կարիքը ունի զինուորական պիւտճէի միլիառ տոլարով յաւելումին>>:



comments

Advertisement