By Asbarez | Friday, 24 November 2017

ՊՐԻՒՔՍԵԼ - Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017ին, պրիւքսելի մէջ ստորագրուեցաւ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան ու Արեւելեան գործընկերութեան վեց երկիրներու միջեւ համապարփակ եւ ընդլայնուած համագործակցութեան համաձայնագիրը:
Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրը սկսած է 2009ին` խթանելու տնտեսական համարկումի եւ եւրոպական արժէքներու տարածումը նախկին վեց խորհրդային հանրապետութիւններու` Հայաստանի, Ազրպէյճանի, Մոլտովայի, Ուքրանիոյ, Վրաստանի եւ Պիելոռուսիոյ մէջ:
Նոր համաձայնագիրին մէջ կան բազմաթիւ կէտեր, որոնք կրնան շատ նպաստաւոր ըլլալ Հայաստանի համար: Հայաստան կը պարտաւորուի բարեփոխել իր հաստատութիւնները, քաղաքական համակարգը, աւելի ամրապնդել մարդու պաշտպանուածութիւնը, մարդու իրաւունքը: Եւ եթէ Հայաստան կատարէ բոլոր պարտաւորութիւնները, ապա կրնայ տնտեսական լուրջ աջակցութիւն ստանալ Եւրոպական Միութենէն, այսպէս կոչուած` <<աւելին աւելիին>> դիմաց: Այսինքն, եթէ Հայաստան կատարէ համաձայնագիրով ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւնները, ապա Եւրոպական Միութիւնը կը պարտաւորուի աջակցիլ եւ նպաստել, որ ներդրումներ կատարուին Հայաստանի մէջ:
Համաձայնագիրին մէջ հետաքրքրական նորութիւն կայ փոքր եւ միջին գործառնութեանց համար` այսպէս կոչուած, վարկաւորում տեղական տարադրամով: Ասիկա կրնայ խթան հանդիսանալ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման:
Այսօրուան վեհաժողովի հռչակագիրին մէջ կային որոշ չլուծուած խնդիրներ, յատկապէս` տագնապներու լուծման վերաբերեալ կէտը, որ մինչեւ հիմա յստակացած չէ, այնտեղ չէ նշուած Լեռնային Ղարաբաղ եզրոյթը:
Շրջանին մէջ առկայ տագնապներու վերաբերեալ համաձայնագիրին մէջ տեղ գտած է հետեւեալ ձեւակերպումը. <<Վեհաժողովի մասնակիցները կոչ կ՛ուղղեն` աշխուժացնելու տագնապները լուծելու ջանքերը` հիմնուած միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն վրայ>>:
<<Տագնապներու լուծումը, վստահութեան կառուցումն ու լաւ դրացնութեան յարաբերութիւնները առանցքային են տնտեսական ու ընկերային զարգացման եւ համագործակցութեան համար>>, նշուած է Արեւելեան գործընկերութեան հռչակագիրի բնագիրին մէջ:
Համաձայնագիրով կը նախատեսուի համագործակցութիւն ո՛չ միայն տնտեսական, քաղաքական, այլ նաեւ անվտանգութեան հարցերու մէջ: Ըստ էութեան, Եւրասիական տնտեսական միութեան շրջագիծին մէջ անվտանգութեան հարցով ամրագրուած պարտաւորութիւններ չկան, այդ իմաստով Հայաստան կրնայ Եւրոպական Միութեան հետ նման համաձայնութիւններ գոյացնել: Եւրոպական Միութեան պարտաւորութիւնները` օգնել Հայաստանին, նաեւ անվտանգութեան ծիրին մէջ, բաւական շահեկան պիտի ըլլայ Հայաստանի համար:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ