By Asbarez | Tuesday, 28 November 2017
ԴԱՄԱՍԿՈՍ - Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու համանախագահ Ռիատ Տարրար յայտարարեց, որ այդ ուժերը Սուրիական բանակին պիտի միանան, երբ սուրիական տագնապը լուծուի:
Ան քրտական <<Ռուտաու>> լրատու գործակալութեան յայտնեց. <<Եթէ կ՛ուղղուինք դէպի դաշնակցային վարչակարգով միացեալ սուրիական պետութիւն, ապա կը կարծենք, որ զէնքի եւ ուժերուն կարիք չկայ, որովհետեւ այդ ուժերը պիտի միանան սուրիական բանակին, եւ պաշտպանութեան ու արտաքին գործոց նման ուժային նախարարութիւններ պիտի պատկանին կեդրոնին, իսկ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերը սուրիական ուժեր են, այլ ո՛չ թէ տեղական>>:
<<Աշխատանք կը տանինք Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման համար եւ ոչ թէ սուրիական որեւէ կողմի դիմակայման: Պարզապէս, մենք մեզ ու մեր շրջանները կը պաշտպանենք, զանոնք ապահով ու խաղաղ կը պահենք, մինչեւ որ հասնի սպասուած պահը՝ իսկական բանակցութեանց ժամանակը>>, ըսաւ Տարրար:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ