By Asbarez | Wednesday, 29 November 2017
ՆԻՒ ԵՈՐՔ, <<Էն.Պի.Էս.>> - Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին մօտիկ դէմքերէն՝ Ռըզա Զարրապը, որ Մարտ 2016ին ձերբակալուած էր Մենհեթընի մէջ, Իրանի դէմ հռչակուած տնտեսական շրջափակման պայմաններու խախտումով հարիւրաւոր միլիոն տոլարի ապօրինի փոխանցումներ կազմակերպելու ամբաստանութեամբ, սկսած է դատախազութեան հետ գործակցելու՝ ընդունելով իրեն դէմ եղած ամբաստանութիւնները։
Այս իրողութինը բացայայտուեցաւ Նոյեմբեր 27ին սկսած դատական նիստին ընթացքին, երբ անոր անունը ամբաստանեալներու ցանկին վրայ չէր, այլ զետեծուած էր վկաներու ցանկին վրայ։
Այժմ 9 ամբաստանեալներէն միայն մէկը ձերբակալուած վիճակի մէջ կը դատուի։ Ան թրքական <<Հալքպանք>> դրամատան տնօրէնի տեղակալ Հաքան Աթիլլան է։
Զարրապ քանի մը շաբաթներէ ի վեր <<անհետացած>> էր, ուստի անոր փաստաբանը կասկած յայտնած էր, որ ան դատախազութեան հետ կը գործակցի՝ աւելի՛ մեղմ պատիժ կրելու համար։ Էրտողանի վարչակազմը մտահոգ է, որ Զարրապ կրնայ զգայուն տեղեկութիւններ բացայայտել <<ոսկի՝ քարիւղի փոխարէն>> Թուրքիա-Իրան առեւտուրին մասին, որուն գլխաւոր դերակատարը կը նկատուի Իրանի եւ Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն ունեցող Զարրապը։ Էրտողան Ամերիկայի նախկին փոխնախագահ Ճօ Պայտընէն եւ ներկայ վարչակազմէն քանի մը առիթներով խնդրած է, որ վերջ տրուի Զարրապի հետապնդումին:
Զարրապ կրնայ կապեր ունեցած ըլլալ նաեւ նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային ապահովութեան հարցերու պաշտօնազրկուած խորհրդական Մայք Ֆլինի հետ, որուն Անգարայի կողմէ խոստացուած 15 միլիոն տոլարը կրնայ ոչ միայն այլախոհ կրօնական Ֆեթհուլլահ Կիւլենը Թուրքիոյ յանձնելու համար ըլլալ, այլեւ կրնայ կապուած ըլլալ Զարրապի դէմ դատը փակելու ջանքերուն:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ