By Asbarez | Wednesday, 29 November 2017
<<ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻՆՔ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՈՒՆԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՆ>>. Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ազդակ>> - Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Աուն Նոյեմբեր 27ին ընդունեց կառավարութիւնը կազմող քաղաքական ուժերու ղեկավարները, որոնց կողքին նաեւ՝ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավարը:
Աունի հրաւիրած քաղաքական խորհրդակցութիւններու շրջագիծին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւս այցելեց նախագահական պալատ: Աունի հետ հանդիպելէ ետք, Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը զօրակցի նախագահ Աունի նախաձեռնութեան, որուն նպատակն է երկրին քաղաքական աշխատանքը հունի մէջ դնել:
Իր կատարած խորհրդակցութիւններէն ետք, Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն ներկայացուց իր կատարած խորհրդակցութիւններուն արդիւնքը: Ապա անոնց միացաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին:
Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումէն ետք վարչապետ Հարիրի մեկնեցաւ՝ առանց յայտարարութիւն կատարելու, սակայն երեկոյեան իր ունեցած հարցազրոյցներուն ընթացքին արձանագրեց շարք մը կեցուածքներ, որոնց լոյսին տակ շեշտեց վարչապետ մնալու իր ցանկութիւնը: Հարիրի ըսաւ. <<Կ՛ուզեմ վարչապետ մնալ, իսկ Սէուտական Արաբիա պատահածը ես ինծի կը պահեմ։ (Գահաժառանգ) Մուհամմատ պըն Սալմանը մեծ բարեկարգող է>>: Հարիրի նաեւ շեշտեց, որ շրջանային տագնապներուն նկատմամբ <<Հըզպալլա>> պէտք է չէզոք մնայ: Ան յայտնեց, որ իր հրաժարականը <<դրական ցնցում>> մը եղաւ եւ ազդարարեց, թէ պիտի հրաժարի, եթէ <<Հըզպալլա>> մերժէ ներկայ կացութիւնը փոխել։ Ան նաեւ պնդեց, թէ արաբական երկիրներու ներքին հարցերուն մէջ <<Հըզպալլա>>ի միջամուխ դառնալուն հիմնական պատճառը Իրա՛նն է:
Նախագահական պալատը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ. <<Աուն կ՛ողջունէ քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն ընդառաջումը իր նախաձեռնութեան, ինչպէս նաեւ անոնց կատարած ընդգծումները՝ Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը, ապահովական եւ քաղաքական կայունութիւնը պահպանելու եւ երկրին բարգաւաճումը խոչընդոտող որեւէ արգելք վերացնելու իմաստով>>:
Նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակին համաձայն՝ խորհրդակցութեանց արդիւնքները երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն պիտի ներկայացուին, երբ անոնք ամբողջանան՝ Աունի Իտալիա կատարելիք այցելութենէն ետք:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ