By Asbarez | Thursday, 30 November 2017
ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց <<Մեղրի>> ազատ տնտեսական գօտիի (ԱՏԳ) տարածք: Այս մասին կը տեղեկացնէ նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը:
Նախարարը Հայաստանի վարչապետի գլխաւոր խորհրդական Գագիկ Մարտիրոսեանի, ճարտարապետ-շինարարներու եւ գործարարներու հետ ծանօթացաւ <<Մեղրի>> ԱՏԳի առաջին փուլի շինարարական աշխատանքներու ընթացքին, գոյութիւն ունեցող հարցերուն՝ տեղւոյն վրայ տալով համապատասխան լուծումներ: Շինարարական աշխատանքները կը գտնուին աւարտական փուլին մէջ:
<<Մեղրի>> ազատ տնտեսական գօտիի առաջին փուլի բացումը կը նախատեսուի 15 Դեկտեմբերին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ